2013-06-08 09:37:02

Ս. Աթոռը Կը Խօսի Գաղթականներու Իրաւունքներու Ու Պարտականութիւններու Մասին` Վատիկանը Պետութիւններէն Կը Պահանջէ Փախստականներու Պատշաճ Պաշտպանութիւնը։


Փախստականներու իրաւունքն ու պարտականութիւնը ինչպէս նաեւ փախստականին հիւրընկալութիւնը պետութեան կողմէ կորիզը կը կազմէ Վատիկանի վաւերաթուղթին հրպարակուած անցեալ 6 յունիս 2013։ Գաղթականներու եւ թափառաշրջիկներու հովուութեան քահանայապետական խորհուրդը եւ ''Մէկ Սիրտ'' կոչուած քահանայապետական բարեսիրական մարմինը միացեալ վաւերաթուղթ մը հրապարակած են ''Յիսուս Քրիստոս տեսնել եւ ընդունիլ փախստականներու եւ արտահաններու մէջ'' վերատառութեամբ ։ Վաւերաթուղթը պետութիւններէն կը խնդրէ պատշաճ պաշտպանութիւն ապահովել փախստականներուն ու ապաստան շնորհել անոնց։ Յայտնենք որ 20 տարի առաջ (1992) վերոյիշեալ քահանայապետական խորհուրդը վաւերաթուղթ մը հրապարակած է ''Փախստականներ, զօրակցութեան մարտահրաւէր'' վերտառութեամբ։ 60 էջնոց նոր վաւերաթուղթը կը հրաւիրէ բոլոր քրիստոնեաները` ըլլայ հովուապետեր կամ պարզ հաւատացեալներ, հոգատարութեամբ ձեռք երկարելու փախստականներուն ու արտահաններուն ընդգծելով որ կարելի չէ անտարբեր կեցուածք ունենալ անոնց ողբալի կացութեան ի տես։ Վաւերաթուղթը, հովուական ուղղութիւններ տալէ ետք երկար ցանկ մը կը յօրինէ պետութիւններու եւ փախստականներու իրաւունքներու ու պարտականութիւններու մասին, մասնաւորապէս խնդրելով որ տարբերութիւն դրուի ընդմէջ անկանոն կերպով երկիր մտած հալածուած փախստականներուն ու պարզապէս նոր երկիր մը հաստատուելու կամքով հասած գաղթականներուն։ Հուսկ վաւերաթուղթը այդ ուղղութեամբ կ'ընդգծէ մամուլին մեծ ու պատասխանու դերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.