2013-06-08 09:37:13

Երանացում Սոֆիա Մայեովսքայի Եւ Մարկերիդա Շքեւչէքի


Երանացում` Աստուծոյ աղախին Սոֆիա Մայեովսքայի հիմնադրուհի Ս. Կոյս Մարիամի լեհ կրօնաւորական իգական միաբանութեան (1650 թուականին) եւ Աստուծոյ աղախին Մարկերիդա Շքեւչէքի` հիմնադրուհի Ցաւագին Տիրամօր կրօնաւորուհիներու միաբանութեան (1905) որուն նպատակն է օգնութեան հասնիլ քահանաներու առաքելութեան։ Ներկայիս այդ միաբանութենէն 4 քոյրեր կը ծառայեն Հռոմի Լեւոնեան հայ դպրեվանքին մէջ, այս պատճառաւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս պատրիարքը ներկայիս կը գտնուի Լեհաստան մասնակցելու վերոյիշեալ միաբանութեան հիմնդարուհիի երանացման սրբազան արարողութեան որ տեղի կ՛ունենայ Գրագովիայի մէջ կիրակի 9 յունիսին եւ զոր կը գլխաւորէ, որպէս Սրբազան Քահանայապետի ներկայացուցիչ` Կարտինալ Անճելօ Ամադօ` սուրբերու դատի կառավարիչը։








All the contents on this site are copyrighted ©.