''Մէկ Սիրտ'' Վատիկանի Բարեսիրական Մարմնի Կոչը Բազմապատկելու Ջանքերը Սուրիոյ Խաղաղութեան
Համար
Վատիկանի Գոր Ունում` ''Մէկ Սիրտ'' կոչուած քահանայապետական բարեսիրական մարմնի խորհուրդը
կոչ ուղղած է միջազգային հասարակութեան բազմապատկելու յանձնառումը Սուրիոյ խաղաղութեան
ի խնդիր, հակառակ պարագային - կը հաղորդէ վերոյիշեալ Քահանայապետական Խորհուրդը- անվերջ
պատերազմ մը կարող է ծագիլ եւ որուն առաջին զոհերը պիտի ըլլան, ինչպէս միշտ, անմեղ քաղաքացիները։ Յայտնենք
որ այս շաբաթուան ընթացքին երկու օրուայ ժողով գումարուեցաւ ''Մէկ Սիրտ'' բարեսիրական
մարմնի նախաձեռնութեամբ` օգնութեան հասնելու անխտիր, սուրիացի բոլոր քաղաքացիներուն։
Մինչեւ օրս ''Մէկ Սիրտ'' Քահանայապետական Խորհուրդի ուղարկուած օգնութիւնները կը հասնին
աւելի քան 25 միլիոն եւրոյի։