2013-06-07 15:26:09

ՀԱՒԱՏՔԻ ՅԱՏԿԱՆԻՇՆԵՐԸ ԵՒ ԱՆՈՐ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ


Հաւատքը, որ Աստուծոյ ձրի տուրքն է ու մատչելի կը մնայ բոլոր զայն խոնարհաբար հայցողներուն, փրկութեան համար անհրաժեշտ գերբնական առաքինութիւնն է։ Հաւատքի ներգործութիւնը մարդո՛ւն՝ այսինքն մարդու խելքի՛ն ներգործութիւն է։ Ան Աստուծմէ դրդուած մարդկային կամքին մղումով՝ մարդը աստուածային ճշմարտութեան իր ազատ հաւանութիւնը կու տայ։ Հաւատքը ամուր եւ ստոյգ է, որովհետեւ հիմնուած է Աստուծոյ Խօսքին վրայ։ Հաւաւտքը գործօն է «սիրոյ միջոցով» (Գղ 5, 6)։ Հաւատքը յարատեւօրէն կÿաճի ու կը զարգանայ յատկապէս Աստուծոյ խօսքն ունկնդրելով եւ աղօթելով։ Հաւատքը երկինքի ուրախութեան նախաճաշակը՝ այժմէն իսկ համտեսել կու տայ։
Շատեր հարց կու տան արդեօք հակասութիւն մը կա՞յ հաւատքի եւ գիտութեան միջեւ:
Հաւատքին եւ գիտութեան միջեւ հակադրութիւն չկայ: Նոյնիսկ եթէ հաւատքը կը գերազանցէ մարդու բանականութիւնը, սակայն անոր եւ գիտութեան միջեւ հակադրութիւն երբեք տեղի պիտի չունենայ, որովհետեւ երկուքին ալ ծագումը Աստուա՛ծ է։ Մարդուն բանականութեան եւ հաւատքին լոյս հաղորդողը Ինք՝ Աստուած է։
Հաւատքը անձնակա՛ն ներգործութիւն է, որովհետեւ ան մարդուն ազատ պատասխանն է Ինքզինք մարդուն յայտնող Աստուծոյ։ Բայց ան միանգամայն եկեղեցային ներգործութիւն մըն է, որ կÿարտայայտուի հաւատքին դաւանումով։ «Մենք կը հաւատանք»։ Իրականին մէջ Եկեղեցի՛ն է որ կը հաւատայ։ Այսպէս, Ս. Հոգիին շնորհքով, Եկեղեցի՛ն է որ մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ հաւատալը կը կանխէ, զայն կը ծնի եւ կը սնուցանէ։ Այս պատճառով՝ Եկեղեցին Մայր է եւ Ուսուցիչ։ Սուրբ Կիպրիանոս կ’ըսէ. «Ոչ ոք կրնայ Աստուած իբր Հայր ունենալ եթէ չունի Եկեղեցին իբր Մայր:
Հաւատքը լոյս մըն է որ կը թափանցէ հաւատացեալին սրտին ու մտքին մէջ, անոնց մէջէն փարատելով խաւարը:
Հաւատքը նաեւ կը նմանի հովի, որ կը ցրուէ ամպերը, որպէսզի փայլի Աստուծոյ արեգակը իւրաքանչիւր հոգիի մէջ:
Հաւատքի արդիւնքը ի՞նչ է, եթէ ոչ յաւիտենական կեանքը: Հաւատքը յաւիտեանկան կեանքի դուռն է:
Միայն հաւատքն է որ կարող է տալ պատասխան մեր հոգիի խոր պահանջքներուն, կեանքին մէջ որոտացող հարցերուն, ինչպէս նաեւ մեր գործերուն ու մահուան: Հաւատքին օգուտը անհաւատութեան դիմաց՝ համազօր է լոյսի օգուտին՝ խաւարին դիմաց:
Անհաւատը մութին մէջ կը քալէ, իսկ հաւատացեալը աչքը իր ճակատին վրայ ունի: Անհաւատին համար մահով ամէն ինչ կ’աւարտի, իսկ հաւատացեալին համար մահով կեանքը կը սկսի: Անհաւատը կը քալէ դէպի մահ եւ ոչնչութիւն, հաւատացեալը՝ դէպի ճշմարիտ եւ անվախճան կեանք: Ով որ կը հաւատայ սահմանուած է յաւիտենական կեանքին, յաւիտենական յաղթանակին, իսկ չհաւատացողը իր դիմաց ունի մահուան յուսախաբութիւնը: Անհաւատը ճամբորդ մըն է առանց նպատակի, պայքարող առանց յաղթութեան:
Հետեւաբար, Հաւատքը՝ հոգիի եւ սրտի ներգործութիւնն է. կը բխի մեր հոգիէն՝ իբր լոյս եւ ջերմութիւն: Մեծ հարստութիւն է հաւատքը՝ որ ոսկիէն աւելի կ’արժէ, որովհետեւ հաւատքին նպատակը մէկ է, սրբազան է՝ ապահովել հոգիին յաւիտենական փրկութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.