2013-06-07 11:48:31

Բախումներ Իսրայէլի Սահմանակից Սուրիական Շրջաններուն Մէջ


Հինգշաբթի, Յունիս 6ին, Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած Սուրիոյ Կոլանի բարձունքներուն կից գտնուող սուրիական հողերուն վրայ զինեալ բախումներ տեղի ունեցան Սուրիոյ իշխանութեանց դէմ ճակատող զինեալ ընդդիմութեան եւ բանակին միջեւ՝ պատճառ դառնալով, որ հոն հաստատուած ՄԱԿի խաղաղապահ ուժերը ժամանակաւորապէս լքեն իրենց դիրքերը: Սակայն, սուրիական բանակը կրցաւ կացութիւնը հակակշիռի տակ առնել՝ զինեալներուն կողմէ գրաւուած դիրքը վերագրաւելով: Այս բոլորին լոյսին տակ, Աւստրիոյ իշխանութիւնները յայտարարեցին, թէ որոշած են Կոլանէն հեռացնել ՄԱԿի խաղաղապահ ուժերուն մէջ ծառայող աւստրիացի զինուորները՝ մտահոգութիւն յառաջացնելով Իսրայէլի մէջ:
Միւս կողմէ, լիբանանեան «Հըզպալլա» կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Քուսէյրի վերագրաւումը «ծանր հարուած մըն է Ամերիկա-իսրայէլեան ու «թաքֆիր»ական եռեակին»՝ աւելցնելով. «Կը վերահաստատենք Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծումի մը յանգելու մեր կոչը: Շրջանի ժողովուրդները վճռած են իրենց հողին եւ իրաւունքին վերատիրանալ»:
Քաղաքական գետնի վրայ, ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի Ժընեւի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներուն հետ՝ յայտնելով, որ համաձայնութիւն գոյացած է, թէ «Ժընեւ 2»ն կարելի չէ այս ամիս գումարել: «Ամերիկայի ու Ռուսիոյ հետ խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակենք՝ քննելու համար առիթ մը, որ մեզի պիտի արտօնէ այդ խորհրդաժողովը կարելի եղածին չափ շուտ գումարելու, հաւանաբար՝ Յուլիսին»: Կողմերը որոշած են Յունիս 25ին դարձեալ հանդիպիլ Ժընեւի մէջ: Իպրահիմի աւելցուց. ««Ժընեւ 2»ն սուրիական կողմերու բացակայութեան չի կրնար գումարուիլ, եւ այդ կողմերուն պատուիրակութիւնները տակաւին չեն կազմուած»: Ան նշեց, թէ համաձայնութիւն գոյացած է, որ խորհրդաժողովը գումարուի ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հովանաւորութեամբ, իսկ անոր նպատակը պիտի ըլլայ Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ համաձայնութիւն գոյացնել՝ «Ժընեւ 1»ի պայմաններով Սուրիոյ տագնապին խաղաղ լուծումի մը հասնելու համար:
Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ հակառակ Ռուսիոյ նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին վերջին հաստատումներուն, Ուաշինկթըն ցարդ վստահ չէ, թէ «Ռուսիա Սուրիոյ հետ «Էս. 300» հրթիռներու մատակարարման համաձայնութիւնը չէ գործադրած»:








All the contents on this site are copyrighted ©.