2013-06-06 14:05:19

Ֆրնաչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Ամառնային Շրջանի Յայտագիրը։


Քահանայապետական Տան Հոգաբարձութեան յայտարարութեան համաձայն ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յուլիս ամսուայ ընթացքին հակիրճ ժամանակի համար կը փոխադրուի Գասդել Կանտոլֆոյի ամարանոց, Ան պիտի շարունակէ ապրիլ Վատիկնաի Տոմուս Սանդա Մարդայի Տան մէջ։

Յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ թէ այդ շրջնաին - այսինքն յուլիս ամսուայ ընթացքին- նախատեսուած` չորեքշաբթի օրերու հրապարակային ունկնդրութիւնները պիտի դադրին ու պիտի վերսկսին միայն օգոստոս 7-ին։ ֆրանչիսկոս Պապը ապա 22 - 29 յուլիս, Երիտասարդներու համաշխարհային 28րդ օրուայ առթիւ, պիտի կատարէ իր քահանայապետութեան առաջին առաքելական ճամբորդութիւնը Պրազիլ։

Սրբազան Քահանայապետի առօրեայ կատարած առաւօտեան պատարագները անշուշտ պիտի շարունակուին թէեւ սոյն արարողութեան զանազան խումբերու մասնակցութիւնը, ամառնային շրջանի ընթացքին, դադրած կը նկատուին 8 յուլիսէն սկսեալ։

Կիրակի 14 յուլիսին Նորին Սրբութիւնը Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը պիտի արտասանէ Գասդել Կանտոլֆոյի քահանայապետական ամարանոցէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.