2013-06-06 12:53:44

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 6 Յունիսի Գործունէութիւնը։ Հանդիպում Եկեղեցական Քահանայապետական Կաճառներու Անդամներուն Հետ։


Հինգշաբթի 6 յունիս 2013-ի առաւօտեան ժամը 11-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Իրանի Իսլամ հանրապետութեան Սուրբ Աթոռի մօտ նշանակուած նոր դեսպան ` Տիար Մոհամմատ Թահեր Ռապպանի, հաւատարմագրերու ներկայացումի առթիւ։
Ապա յաջորդաբար ընդունեց Լատին Ամերիկայի կրօնաւորներու համադաշնակցութեան նախագահութեան անդամները, Քահանայապետական Եկեղեցական կաճառներու նախագահ` Գերապայծառ Պէնիամինօ Սդէլլա ու ապա վերոյիշեալ կաճառներու 45 անդամները։
Անոնց արտասանած իր ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը բարի գալուստ յայտնելով անդրադարձաւ անոնց '' յանձնառու յատուկ առաքելութեան'' որ զիրենք կը դնէ Սուրբ Պետրոսի յաջորդին անմիջական ծառայութեան տակ։ Գործ մը որ ''ներքին ազատութին'' կը պահանջէ - ըսաւ Սրբազան Հայրը հաստատելով թէ ''ներքին ազատութին'' կը նշանակէ անկաշկանդ ըլլալ մշակոյթէն, մտայնութենէն եւ ծառայութեան վայրէն։ Կը նշանակէ նաեւ ըլլալ ազատ տարբեր մշակոյթները հասկնալու եւ հանդիպելու մարդոց որ ձեր աշխարհէն հեռու կ՛ապրին։ Կը նշանակէ մանաւանդ հսկել` որ անձնական նպատակներու ձտգումեր չհետապնդուին որոնք շատ չարիք հասցուցին Եկեղեցւոյ ու կը նշանակէ փնռել որպէս առաջնահերթ բարիք` Աւետարանի դատը ու ձեզի յանձնուելիք առաքելութիւնը։

Սիրելի բարեկամներ խնամք տարէք ձեր հոգեւոր կեանքին` որ է ներքին ազատութեան ակնաղբիւրը - յարեց Սրբազան Հայրը - ու նշեց Յովհաննէս ԻԳ երջնակայիշատակ Քահանայապետի ծառայութեան օրինակելի կենցաղը, որուն մահուան 50-րդ տարեդարձը տօնախմբուեցաւ մի քանի օր առաջ։

Սրբազան Քահանայապետը ապա յատուկ խօսք մը ուղղեց նուիրեալ քոյրերու շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց մատուցած հաւատարիմ, նուիրեալ ու սիրոյ ծառայութեան։ Ապա Խօսքը եզրափակելով ըսաւ` ''Սիրելի վարդապետներ կը մաղթեմ որ Սուրբ Աթոռի մօտ ձեր առաքելութիւնը ստանձնէք երանելի Յովհաննէս ԻԳ-ի նոյն հոգիով։ Ձեզմէ կը խնդրեմ որ աղօթէք ինծի համար եւ ձեզի կը յանձնեմ Սուրբ Կոյս Մարիամին ու ձեր պահապան Սուրբին Անտոն Աբբահայրին հովանիին։ Առաքելական օրնհութեամբս որ սրտանց կը ջամբեմ ձեր ու ձեր բոլոր սիրելիներուն վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.