2013-06-06 12:55:56

Ուաշինկթընի Մէջ. Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցաւ Քերրիի Հետ


Ուաշինկթընի մէջ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ:
Ըստ Քերրիի, Հայաստան եւ Միացեալ Նահանգներ գործընկեր են տարբեր նախաձեռնութիւններու մէջ: Հայաստան իր նպաստը կը բերէ Աֆղանիստանի մէջ անվտանգութեան ապահովման ուժերուն եւ կարեւոր դեր կը կատարէ Քոսովոյի մէջ խաղաղութեան ապահովման գործին մէջ:
«Մենք կարեւոր կը նկատենք երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական համագործակցութեան զարգացումը, ժողովրդավարութեան ամրապնդումը եւ բարեկամ հայ ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովումը», ընդգծեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` նախարար Նալբանդեան յայտնեց, որ ինք ուրախ է Ուաշինկթըն գտնուելով եւ հանդիպում ունենալով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Քերրիի հետ` քննարկելու Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ բարեկամական գործընկերութիւնը ամրապնդելու ուղիները:








All the contents on this site are copyrighted ©.