2013-06-06 12:55:46

Նախագահ Սարգսեան Հանդիպած Է Աշխարհահռչակ Լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի Հետ


Լիբանանեան բանակը երէկ հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ վճռած է կայունութիւնը վերահաստատել Թրիփոլիի յատկապէս բախումներու հանդիսավայր դարձած Ժապալ Մըհսենի եւ Պապ Թըպպանէի շրջաններուն մէջ: Հաղորդագրութիւնը բնակիչներէն պահանջեց գործակցիլ եւ դիւրացնել բանակին առաքելութիւնը: Նմանապէս, պատկան կողմերէն պահանջեց իրենց պատասխանատուութեան վրայ գտնուիլ եւ ընդառաջել բանակի քայլերուն: Այս մասին կը յայտնէ Լիբանանի “Ազդակ” օրաթերթը։
Քաղաքական շրջանակներ ողջունեցին բանակի դիրքաւորումը Թրիփոլիի մէջ` կոչ ուղղելով ապրուստի պայմանները բարելաւելու:
ԵՐԷԿ յետմիջօրէի լուրերուն համաձայն, բախումները մասնակիօրէն վերսկսած էին:








All the contents on this site are copyrighted ©.