2013-06-06 13:57:37

Հայ Եկեղեցին Եւ Հայ Երիտասարդը Դէմ Առ Դէմ


Հոգեւոր Ուրախութիւն
Աստուծոյ խնդրանքներ ներկայացնելու եւ աղօթքի ճամբով Անոր օգնութեան դիմելու օրինակելի արարքին մէջ եւս մարդիկ կրնան Աստուծոյ բարկութիւնը եւ յաւիտենական դատապարտութիւնը հրաւիրել իրենց վրայ:
Աղօթքը ցարդ ճանչցուած է իբրեւ հաղորդակցութեան միակ կապը Աստուծոյ հետ, նաեւ բարի հայցուածներու իրականացման ամէնէն զօրաւոր ազդակը: Շեշտադրելի հիմնական բառը՝ «Բարի»ն է, որ նաեւ Աստուծոյ տրուած ստորոգելիներուն գլխաւորներէն մէկն է:
Աստուած չարին չի՛ կրնար ընկերակից դառնալ, որովհետեւ ատիկա Իր վեհ բնութեան հակառակ է, ինչպէս նաեւ չի՛ կրնար ուրախակից ըլլալ անոր, որուն միտքը, խօսքերն ու գործերը չար են:
Գործ փնտռողը պարտի ցոյց տալ այդ գործին կամ պաշտօնին համապատասխան վկայականներ, կամ արհեստագիտական ուղեցոյց դպրոցներու վկայագրեր գործի լաւ արդիւնք ապահովելու համար: Այս է ներկայ աշխարհի ընթացքը, ուրկէ դուրս կը մնան տգէտներ:
Սակայն, դժբախտ իրականութիւնը այն է, որ շատ շատեր կը փնտռեն աշխատանքային գետին, հաւաքական կեանք, ուր սակայն զարգացած մարդիկ չկարենան իրենց վրայ իշխել: Այլ՝ նման դրութիւններ կը ստեղծեն, յստակ նպատակ ունենալով ղեկավար դառնալու եւ իրենց նման ամբոխները առաջնորդելու սին հպարտութիւնը:
Իշխանութեան այս գետիններէն ամէնէն յարմարը հոգեւոր գետինն է: Այսօր, յատկապէս ազատ երկիրներու պայմաններէն օգտուող նման շարժումներ, «Աստուծոյ փառաբանանք» անունին տակ, ամբոխներ կը ղեկավարեն կոյր զկուրայն: Աղօթքը, փառաբանանքը, գոհաբանութիւնն ու երգը իրենց այլակերպութիւնները կ՛ապրին, երբեմն զԱստուած տանելով հոն՝ ուր Ան պիտի չուզեր երթալ…:
Այս հաւաքներուն մեծամասնութիւնը հոգեւոր ուրախութեան կամ մինչեւ իսկ հոգեւոր «գինովութեան» առաջնորդած է բազմութիւններ, որոնք տգէտ ղեկավարի մատնացոյց ըրած ճամբով ինքնավստահ քալած են:
Առաւել դժբախտութիւն է այն պարագան, երբ անոնցմէ ոմանք յաջողած են նոյնիսկ խաբել եկեղեցական իշխանութիւնը, շահագործելով զայն իրենց նպատակներուն համար:
Աղօթքի բնոյթին մասին ակնարկելու տեղ խօսինք ատոր նիւթին, բովանդակութեան, որ իբրեւ բարի ըղձանք պէտք է բարձրանայ առ Աստուած, մաքո՛ւր սրտէ ու հանդա՛րտ խղճմտանքով: Անհեթեթութիւն է աղօթքը վերածել ուրիշներու կործանումին, քանդումին, ոչնչացման ու չքացման մաղթանքներու: Արդէն աղօթք կարելի չէ՛ կոչել այդ: Ատիկա հոգեւոր հաւաքոյթ ու աղօթաժողով ալ կարելի չէ՛ կոչել, երբ հաւաքապէս կը կատարուի այդ մաղթանքներու մատուցումը, այլ՝ դիւային շուրջպար, որուն նպատակը բարի չէ՛, ո՛չ ալ արդիւնքը՝ դրական:
Խումբի տգէտ ղեկավար մը, նախ յայտարարութեամբ եւ ապա սրտաբուխ գոհաբանական «աղօթք»ով հանդէս կու գար, փառք տալով Աստուծոյ, որ «լսելով» իրենց «աղօթք»ը, կործանած էր այսինչ անձին ընտանիքը: ԶԱստուած այս չար խաղին ու տգէտ կատակին մէջ ներառելը մեծ յանձանք է նոյնիսկ սովորական դատարաններու մէջ նման խաղարկութիւններ, ծանր պատիժներով կը հատուցուին: Օրինակ, երբ մէկը փորձուի դատաւորը իր ոճրապարտ արարքին մեղսակից ցուցնել: Կամ՝ երբ մէկը փորձուի անմեղ եւ կատարուած ոճիրին հետ բնա՛ւ կապ չունեցող մարդիկ ներքաշել ու անոնց վրայ բարդել իրենց յանցանքը:
Իսկ նման յաջողութեան հետեւող ցնծութիւնը «ուրախութիւն» կոչելը, ու մանաւանդ՝ «Հոգեւոր ուրախութիւն» կոչելը դատապարտելի է։ Աստուած մարդու ձեռքին մէջ խաղալիք չէ՛: Կարելի չէ՛ զԱյն մասնակից դարձնել նոյնիսկ բարի մեր արարքներուն: Միայն շնորհակալութիւն կարելի է յայտնել Անոր մեծ ողորմածութեան ու բարերարութեան, մեր կեանքի ընթացքին պատահող երեւոյթներուն համար, որոնք Իր ամենատես աչքին առջեւ կը կատարուին, երբեմն մեր կամքէն անկախաբար:
Հոգեւոր ուրախութեան աղբիւրը Աստուած ըլլալով, այդ հոգեւոր ուրախութեան նիւթը ու պատճառը բնականաբար մարդ էակին բարօրութիւնն է, երջանկութիւնն է, որուն բաժնեկից դարձող մարդը միայն կրնայ արժանաւորապէս ուրախանալ, ու գոհաբանական աղօթք վերառաքել առ Աստուած:








All the contents on this site are copyrighted ©.