2013-06-06 14:05:02

''Ընդունիլ Քրիստոսը Գաղթականներուն Եւ Փախստականներուն մէջ - Հովուական Ուղղութիւններ'' Խորագրով Փաստաթուղթի Ներկայացում։


Հինգշաբթի 6 Յունիս 2013-ի առաւօտեան ժամը 11.30 ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս՝ ներկայացնելու համար ''Ընդունիլ Քրիստոսը գաղթականներուն եւ փախստականներուն մէջ - Հովուական ուղղութիւններ'' խորագիրը կրող փսատաթուղթը որ սլրտուած է գաղթականներու եւ փախստականներու Քահանայապետական Հովութեան խորհուրդի եւ ''Cor Unum'' Քահանայապետական բարեսիրական խորհուրդի համագործակցութեամբ։

Վերոյիշեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ելոյթ ունեցան ի մէջ այլոց,Կարտինալ Անթոնիօ Մարիա Վէլիօ` նախագահը ՝ գաղթականներու եւ փախստականներու Քահանայապետական խորհուրդին եւ Կարտինալ Րոպէրդ Սարահ ''Գոր Ունում'' քահանայապետական բարեսիրական խորհուրդի նախագահը։

''Մօտիկ ըլլալ գաղթականներուն կ՛ենթադրէ՝ տեսնել, դպչիլ եւ մօտէն հետեւիլ անոնց ապրած կացութեան, պաշտպանելով անոնց դատը։ Նայիլ անոնց աչքերուն մէջ ու ճանչնալ անոնց զգացումները, հասկնալով անոնց յոյսերն ու յուսախաբութիւները։'' Այպէս գրած է Կարտինալ Վէլիօ` Վատիկնաի ''Օսսերվադորէ Րոմանոյ'' օրաթերթի մէջ հրատարակած մէկ յօդուածին մէջ։

''Ընդունիլ Քրիստոսը գաղթականներուն եւ փախստականներուն մէջ - Հովուական ուղղութիւններ'' խորագիրը կրող փսատաթուղթը կ՛անդրադառնայ գաղթականներուն կացութեան եւ մարդավաճառութեան զանազան կերպէրուն։ Փաստաթուղթը կը բացայայտէ գաղթականութեան, փախստականներու եւ անօրէնութեան մէջ ապրողներու իրավիճակը որոնք յաճախ զոհ են մարդավաճառութեան զանազան կերպէրուն որ ներկայիս նոր բնոյթ ստացած են։ Արդարեւ աւելի դժուար է այժմ զանազանել բռնի գաղթը եւ գործի բերումով կատարուած կամաւոր գաղթը։ Միեւնոյն ժամանակ, շատ մը կառավարութիւններու դիրքը այս իրողութեան դիմաց աւելի խիստ դարձած է'' գրած է միշտ Կարտինալ Վէլիօ աւելցնելով թէ հարցին պատասխանը չի գտնուիր ''սահմանները փակելոուն մէջ'' այլ ՝ 1951-ի գաղթականներու իրաւունքի համաձայնագիրի կիրարկումը ապահովելու մէջ, օգնելով դժուարութեան մէջ ապրողները, ընդունելով զանոնք ու անոնց ապահովցնելով բնիկներու վերապահուած վարուելակերպ։

Իսկ Կարտինալ Սարահ յայտնած է թէ Եկեղեցին համոզուած է որ, հաւատացեալի անհատական պատասխանատուութենէն անդին, հասարակաց պատասխանատուութիւնն է, բռնի գաղթականութեան ենթարկուած անհատներուն հովուական խնամք ապահովցնելը։

Յայտնենք որ Քահանայապետական գաղթականներու եւ փախստականներու Հովութեան խորհուրդի ներկայացուցած վիճակագրութեան համաձայն շուրջ 100 միլիոն անհատ ակամա թողած են իրենց բնակավայրերը եւ կ՛ապրին պանդխտութեան մէջ։ Մինչ` այլ 21 միլիոն մարդ զոհ են մարդավաճառութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.