2013-06-06 14:05:31

Եւրոպայի Կրօնապետերը Կ'ընդգծեն Հոգեւորութեան Ազդեցութիւնը Ընկերութեան Վրայ։


Մայիսի աւարտին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայէն եկած քրիստոնեայ, մահմետական, հրեայ եւ ինդու կրօնապետերու տարեկան խորհրդաժողովը որ ուներ որպէս բնաբան` ''Եւրոպացի քաղաքացիին կեդրոնական դերը յեղաշրջող Եւրոպայի մէջ''։
Խորհրդաժողովը գումարուեցաւ Եւրոպայի յանձնախումբի նախագահ` Հոզէ Մանուէլ Պարոզէի նախաձեռնութեամբ։ Ներշնչուած ''2013-ի քաղաքացիներու եւրոպական տարիէն'' ժողովականները սերտեցին եպանակը` Եւրոպան մօտեցնելու քաղաքացիներուն եւ ամրապնդելու երկխօսութիւնը քաղաքացիական ընկերութեան հետ։
Խորհդաժողովին Կաթողիկէ Եկեղեցին ներկայացուց Լիզբոնի պատրիարքը կարտինալ Գլեմենդէի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը։ Ըստ Քրիստոնեայ կրօնքին քաղաքացիութեան մտայղացքը հիմնուած է իրաւունքի ու պարտականութեան հաւասարութեան վրայ։ Իրաւունքը համընթաց պէտք է ընթանայ քաղաքացիական պատասխանատուութեան հետ։ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար հարկաւոր է քաղաքացիութեան մտայղացքին ներածել հոգեւոր ծաւալ մը եթէ կ'ուզենք որ Եւրոպան 'Հոգի' ունենայ։ Նշենք որ Եւրոպայի կրօնապետերու յանձնախումբը 30 տարիէ կ'ընկերանայ Եւրոպայի միութեան եւ կը սատարէ անոր անդամ երկիրներու միութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.