Բանակին Կիրարկած Ապահովական Քայլերու Լոյսին Տակ. Թրիփոլի Հետզհետէ Կը Վերագտնէ Իր Կայունութիւնը
Լիբանանեան բանակը երէկ հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ վճռած է կայունութիւնը վերահաստատել
Թրիփոլիի յատկապէս բախումներու հանդիսավայր դարձած Ժապալ Մըհսենի եւ Պապ Թըպպանէի շրջաններուն
մէջ: Հաղորդագրութիւնը բնակիչներէն պահանջեց գործակցիլ եւ դիւրացնել բանակին առաքելութիւնը:
Նմանապէս, պատկան կողմերէն պահանջեց իրենց պատասխանատուութեան վրայ գտնուիլ եւ ընդառաջել
բանակի քայլերուն: Այս մասին կը յայտնէ Լիբանանի “Ազդակ” օրաթերթը։ Քաղաքական շրջանակներ
ողջունեցին բանակի դիրքաւորումը Թրիփոլիի մէջ` կոչ ուղղելով ապրուստի պայմանները բարելաւելու: ԵՐԷԿ
յետմիջօրէի լուրերուն համաձայն, բախումները մասնակիօրէն վերսկսած էին: