2013-06-05 13:11:49

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 5 յունիս 2013-ի առաւօտ կանուխէն Սուրբ Պետրոսի հրապարակը լեցուն էր բազմահազար հաւատացեալներով։
Ժամը 10,30-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ''Քահանայապետական իքնաշարժով'' հրապարակաի շրջապտոյտը ընելէ ետք ներկաներուն արտասանեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան իր ճառը որուն մէջ ըսաւ.
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր Աստուած մարդուն ու կնոջ յանձնեց արարչութիւնը որպէսզի զայն մշակեն ու պահպանեն։ Մշակել կը նշանակէ ուշադրութեամբ ու նուիրումով հոգ տանիլ։ Շատ անգամ սակայն կը կոսրնցնենք խոկալու եւ արարչութեան առջեւ հրապուրուելու կարողութիւնը որով կ՛ապրինք աշխարհի մը մէջ որ կը հեռանայ Աստուծմէ։
Արարչութիւնը մեզի շնորհուած նուէր մըն է որ պէտք ենք յարգել եւ անձնական շահերու համար չ՛օգտագործել։ Մարդ անհատը այսօր զոհուած է ի սպաս շահոյթի։ Մինչ շատ մարդիկ անօթութենէ կը տառապին, շահոյթի եւ սպառումի մշակոյթը մեզ կը մղէ վատնելու ուտելիքները՝ որուն արժէքը շատ անգամ չենք գնահատեր։ Յիշենք սակայն թէ ուտեստեղէններ վատնելը համապատասխան է աղքատի մը սեղանէն գողնալ։
Բնապահպանութիւն եւ Մարդապահպանութիւնը միասին կ՛ընթանան։ Կը խնդրեմ լուրջի առնուի այն յանձնառումը ուշադիր ըլլալու ամէն մէկ անհատի, հակազդելու մերժողականութեան եւ վատնումի մշակոյթը եւ յառաջացնելու զօրակցութեան ու փոխադարձ հանդիպումի մշակոյթ մը։
Ճառին աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսք ուղղեց Ս. Պետրոսի հրապարակի վրայ գտնուող իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորներուն ու ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն վերյիշելով թէ Յունիս ամիսը Յիսուսի Սուրբ սրտին ջեռմերանդութեան նուիրուած ամիսն է։
Թող ձեզի սիրեի երիտասարդներ սորվեցնէ սիրելու եւ սիրւելու գեղեցկութիւնը, Քրիստոսի սիրտը սիրելի հիւանդներ ըլլայ ձեզի նեցուկ տառապանքի պահերուն եւ ձեզի ալ սիրելի նորապսակեալներ ընկերանայ ձեր ամուսնական կեանքի ճանապարհորդութեան ընթացքին։
Ունկնդրութեան աւարտին, Սրբազան Հայրը այլ շրջապտոյտ մը կատարեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ գտնուող հազարաւոր հաւատացեալները մօտիկէն ողջունելու համար։










All the contents on this site are copyrighted ©.