2013-06-05 12:22:23

Թուրքիոյ Ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովուրդի Կուսակցութեան Ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու Էրտողանը Նկատեց Անպատասխանատու Ղեկավար Մը


Թուրքիոյ փոխվարչապետ եւ կառավարութեան բանբեր Պիւլենթ Արընչ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի հրաւէրով այցելեց նախագահական պալատ` քննարկելու համար երկրին մէջ տեղի ունեցող ցոյցերուն հարցը:
45 վայրկեան տեւած դռնփակ հանդիպումէն ետք Արընչ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «դրական հանդիպում մը ունեցանք: Նախագահին թելադրանքները ստացանք եւ տեսակէտներ փոխանակեցինք»:
Խօսելով ցոյցերուն մասին` ան յայտնեց, որ Կեզի այգիի հարցով սկզբնական ցոյցերը «արդար ու օրինական» էին, եւ այդ ցոյցին կազմակերպիչներուն հետ հանդիպում մը առաջարկեց եւ Թաքսիմի ճակատագիրին շուրջ հանրաքուէի կարելիութեան մասին խօսեցաւ: Ան նաեւ անասուններու պաշտպաններու մտահոգութեանց ականջ տալու պատրաստակամութիւն յայտնեց, սակայն նշեց, որ «ահաբեկչական տարրեր» ցոյցերուն գլուխ անցած են, եւ ցուցարարներուն կոչ ուղղեց ցոյցերուն վերջ տալու:
«Չափազանցուած ուժի օգտագործումը մարդոց դէմ, որոնք սկիզբը այս ցոյցին սկսան կենսոլորտը պաշտպանելու նպատակով, սխալ էր եւ անարդար: Ուստի այդ քաղաքացիներէն ներում կը հայցեմ», ըսաւ ան, սակայն աւելցուց, որ «չեմ կարծեր, որ պէտք է ներում հայցենք անոնցմէ, որոնք փողոցներուն մէջ պետական կալուածներ կը քանդեն եւ անոնցմէ, որոնք փողոցներուն մէջ մարդոց ազատութիւնը կ՛արգելակեն»:
Արընչ ըսաւ, որ կառավարութիւնը հասարակութիւնը տեղեակ պիտի պահէ որեւէ որոշումի, ներառեալ` Թաքսիմ հրապարակին վերաբերող որոշումի մը մանրամասնութիւններէն եւ մարդոց տեսակէտներուն ականջ պիտի տայ:
Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ հանդիպումի հրաւիրեց Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելին եւ քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սելահէտտին Տեմիրթաշը: Պահչելի երէկ յայտարարեց, որ Կիւլ քաղաքական կուսակցութեանց պաշտօնատարներու հետ հանդիպումներ ունենալով «ժամանակ պէտք չէ վատնէ», այլ աշխատանք պէտք է տանի Թաքսիմի ցոյցերուն պատճառով ստեղծուած լարուած մթնոլորտը հանդարտեցնելու:
Նշենք, որ ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու երկուշաբթի գիշեր այցելած էր Կիւլի եւ հանդիպումէն ետք յայտնած, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան վատթարացող տագնապը վնասազերծելու եւ ընկերային խռովութիւնը հանդարտեցնելու փոխարէն Թաքսիմի ցոյցերուն առնչութեամբ կառավարութեան վերաբերմունքին համար պէտք է ներում հայցէ: Ան Էրտողանը նկատեց անպատասխանատու ղեկավար մը` նշելով, որ «վարչապետին օգտագործած լեզուն դէպքերը մագլցումի մղեց` զանոնք հանդարտեցնելու փոխարէն»:








All the contents on this site are copyrighted ©.