2013-06-04 14:18:18

Սիրտ Յիսուսի Ամիսը՝ Աստուածային Սիրոյ Խորհուրդը


Ահաւասիկ Յունիս ամիսը կը սկսի որ աւանդական ամիսն է Սիրտ Յիսուսի բարեպաշտութեան կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ : Վաղուց՝ սիրտը ճանչցուած է որպէս կեդրոնը սիրոյ եւ անձնուիրումի: Աստուծոյ Սէրը կը յայտնուի մարդոց՝ Յիսուսի մարդկային սրտին միջոցաւ :
Սիրտ Յիսուսի բարեպաշտութիւնը Եկեղեցւոյ մէջ մեծ դեր ունեցած է քանի Յիսուս ինքնին՝ մեզի յայտնեց իր սրտին մեծութիւնը երբ Գողգոթայի ճամբուն վրայ իր արիւնը թափեց մեզ փրկելու համար: Այս բարեպաշտութիւնը կը պատուէ Յիսուսի Սիրտը իր փրչկագործութեան խորհուրդին մէջ:
1675-ին Սրբուհի Մարգրիտ Մարիամ Ալագոք, Վիզիդանտին Մայրապետ մը, աղօթքի ատեն կը տեսնէ Յիսուս Փրկիչը, որ իր աստուածային Սիրտը ցուցնելով կ՚ըսէ. «Ահաւասիկ այս սիրտը որ այնքա՜ն սիրեց մարդիկը եւ ոչինչ խնայեց իր սէրը ցուցնելու համար· բայց, երախտագիտութեան տեղ, մարդոց շատերէն ուրիշ բան չընդունեցաւ բայց եթէ՝ ապերախտութիւն, արհամաբանք, սրբապղծութիւն-ներ եւ պաղ վերաբերմունք»:
Այն ատեն, Յիսուս կը խնդրէ սրբուհի մայրա-պետէն որ Սուրբ Հաղորդութեան Ութօրէքին յա-ջորդող Ուրբաթը իրեն Սուրբ Սրտին նուիրուի, եւ իրեն հատուցում կատարուի Ս. ժամու ջերմեռան-դութեամբ եւ Ամսուան աոաջին Ուրբաթի խոս-տովանանքով եւ հաղորդութեամբ:
Այսպէսով, Յիսուս կը խնդրէ Սրբուհի Մարգրիտ Մարիամէն հաստատել յատուկ տօն մը՝ պատուելու համար իր Սիրտը, եւ կը պահանջէ Սուրբ Հաղորդութիւնը որպէս հատուցում սխալ-ներու՝ գործուած Սուրբ Հաղորդութեան դէմ :
1856ին Պիոս Թ. Քահանայապետը վերջնա-կանապէս կը տարածէ Սիրտ Յիսուսի տօնը ընդ-հանուր Եկեղեցւոյ մէջ, որ չի դադրեցաւ այն ժա-մանակէն ի վեր զայն տօնել ջերմեոանդութեամբ:
Սիրտ Յիսուսի տօնը տեղի կ’ունենայ ամէն տարի երրորդ ուրբաթը՝ Հոգեգալուստէն ետք: Տօնակատարման ընթացքին, Եկեղեցին կը սերտէ իր Փրկիչին սիրտը, որ կ’աոաջնորդէ մինչեւ խորերը սիրոյ խորհուրդին, ուր կը հանդիպին մարդը եւ Աստուած: Ան՝ որ եկաւ յայտնելու իր վիրաւորուած սիրտը, Ան է որուն մէջ ամէնքը կրնան խմել ողորմութեան աղբիւրէն: Շարունակ սերտենք այս անծայր խորհուրդը՝ Աստուածային սիրոյ:
Սիրտ Յիսուսի Տօնը կարեւոր դէպք մըն է զատկական խորհուրդին մէջ, որ մեզ կը հրաւիրէ սերտելու Յիսուսը՝ տէրը հեզ եւ խոնարհ սրտին:
Սուրբ Հաղորդութեան օծման մէջն է որ պէտք է փնտռենք իսկական ներկայութիւնը Յիսուսի սուրբ Սրտին, որովհետեւ միայն Ս. Հաղորդութեան մէջն է որ կը գտնուի ամբողջ խորհուրդը Աստուածային սիրոյ եւ Յիսուսի սուրբ Մարդկութիւնը միացած անոր Աստուածութեան: Ուրեմն հաղորդութեան հրչակումը Եկեղեցւոյ մասնակցութիւնն է Սուրբ Պատարագին Նոր եւ Յաւիտենական Ուխտին, որ Յիսուս կ’ընծայէ իր Հօր, օրհնելով հացը՝ իր Մարմնով, եւ գինին իր Արիւնով:
Այսպէս, ամէն անգամ որ կը տօնենք Ոտնլուան, պաշտենք հեզ եւ խոնարհ սիրտը Յիսուսի՝ վառ ողորմութեան բոցերով: Ուսանինք Սիրտ Յիսուսի դպրոցին մէջ, ստանձնելու համար լրջօրէն պատասխանատուութիւնները որոնք մեզ կը սպասեն մեր կեանքին ընթացքին: Եւ յատկապէս փորձենք գտնել այս անսպառ ողորմութեան աղբիւրին մէջ քաջասրտութիւնը եւ համբերութիւնը կատարելու համար Տիրոջ կամքը ամէն կացութեան մէջ:
ՈՎ ԱՍՏՈԻԱԾԱՅԻՆ ՍԻՐՏ ՅԻՍՈԻՍԻ, Կ’ՈԻԶԵՆՔ ՔԵԶԻ ՆՈԻԻՐԵԼ ՄԵՐ ԱԶԳԸ
Շատ հինէն ճանչցած ու սիրած է Քեզ Հայ Ազգը, փառաւորած է Քեզ քրիստոնէավայել կեանքով ու հոյակերտ տաճարներով, ու պաշտպանած է Սուրբ Կրօնքդ իր արիւնով:
Անհուն գթութեամբ ա՛յնպէս տնօրինեցիր, որ շատ մեծ ազգերէ առաջ Հայ Ազգին հեթանոսական խաւարը փարատեցաւ Աւետարանիդ լոյսով:
Շրջապատուած քեզի թշնամի ցեղերէ, Հայ Ազգը չարչարուած ու հալածուած է, որովհետեւ յանձն չէ առած ուրանալ Քեզ, հեռանալ քու Եկեղեցիէդ:
Մարտիրոսներուդ մէջ բիւրաւորներ կան նաեւ մեր Ազգէն: Աւաղ, սակայն, որքա՛ն փոխուած է մարտիրոսներու սերունդը: Նոր հեթանոսութեան մը խաւարը կը թանձրանայ մեր մէջ :








All the contents on this site are copyrighted ©.