2013-06-04 13:38:27

Հայրապետական Պատգամ Նոր Աւետարանումի Մասին


Շաբաթ 1 Յունիս 2013-ին լոյս տեսաւ ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ Նոր Աետարանումի մասին «Գացէ՛ք աւետարանեցէ՛ք բոլոր ազգերը» խորագրով Հայրապետական պատգամը:
«Վերջին տասնամեակներուն, կը գրէ ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր պատգամին մէջ, հրատապ կարեւորութիւն մը ստացած է քրիստոնեայ աշխարհին մէջ Նոր Աւետարանումի անհրաժեշտութեան մասին խօսիլն ու գործելը»: Ան կ'աւելցնէ. «Նոր Աւետարանումը ուղղուած է նաեւ անոնց, որոնք աւանդականօրէն քրիստոնէայ երկիրներու մէջ Եկեղեցիէն հեռացած են»:
«Աւետարանումի գործին կը ներփակուին, կ'ըսէ ան, քարոզութիւնը, քրիստոնէական վարդապետութիւնը, ծիսակատարումը, ժողովրդական բարեպաշտութիւնը եւ մանաւանդ՝ կեանքի վկայութիւնը»:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը այս ներածականէն ետք, պատմական ակնարկ մը կը ներկայացնէ քրիստոնէական քարոզութեան մասին, ըլլայ անոր առաքելական սկիզբին մասին, ըլլայ հայոց եւ քրիստոնէաութեան առաջին յարաբերութիւններուն եւ նախալուսաւորչեան շրջանին:
Պատգամը ապա կը ներկայացէ հաւատացեալ ընթերցողին Հայոց Հաւատքի ռահվիրաները, ինչպէս՝ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Մեսրոպ Մաշտոց:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կ'առաջարկէ շարք մը նոր աւետարանիչներ, 17-րդ, 18-րդ եւ 19-րդ դարերէն: Ապա Աւետարանող հայ կաթողիկէ միաբանութիւննու մասին ակնարկէ մը ետք, Հոգեւոր Տէրը կը խօսի հիմնական հաստատութիւններուն մասին, որոնք կրնան Աւետարանող լաւագոյն միջավայրերը ըլլալ, ինչպէս՝ ընտանիքը, եկեղեցին եւ դպրոցը:
«Հաւատքը յառաջ կու գայ քարոզութենէն» կ'ըսէ Սուրբ Պօղոս: Այս խօսքէն ետք է, որ պատգամը կը շարունակուի ներկայացնելու քարոզութիւնը, աղօթքը եւ կեանքի վկայութիւնը որպէս Նոր Աւետարանումի ամէնակարեւոր ազդակները:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կ'անդրադառնայ ներկայ պայմաններուն մասին, մշակութային եւ ընկերային մարզերէն ներս, ապա կը շեշտէ մանաւանդ ընկերային հաղորդամիջոցներու կարեւորութեան վրայ:
Անհրաժեշտ է, կ'ըսէ ան, որոնել նոր տուեալներ եւ նոր միջոցներ, որոնք Սուրբ Հոգիին միջոցաւ կը նորոգեն Եկեղեցւոյ նորէն աւետարանելու խանդը: Այս Նոր Աւետարանումը նաեւ հասնելու է քահանայութեան թեկնածուներուն, որպէսզի պատրաստուած աշխարհականներուն հետ միասին, կարենան դիմագրաւել այսօրուան աշխարհի մարտահրաւէրները:
Հուսկ, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կը խրախուսէ հաւատացեալները ըսելով. «աննկուն հաւատքի վրայ հիմնուելով, գործենք Քրիստոսի այգիին մէջ իբրեւ հարազատ լուսաւորիչներ հայ ազգի հոգեւոր վերածնունդին համար»:








All the contents on this site are copyrighted ©.