2013-06-04 13:57:20

Երեք մեռեալ Թուրքիոյ Մէջ Բողոքի Ցոյցի
Պատճառով, Միացեալ Նահանգները Մտահոգուած Են


Պոլսոյ մէջ նախանցեալ գիշեր տեղի ունեցած բուռն բախումներէն ետք, երէկ առտու եւս ցուցարարներուն եւ ոստիկանութեան միջեւ բախումներ արձանագրուեցան: Ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ օգտագործեց դէպի Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գրասենեակ ուղղուող ցուցարարներուն ընթացքը կասեցնելու համար: Նախանցեալ գիշեր բախումները տեղի ունեցան Պոլսոյ Պեշիկթաշ թաղամասին մէջ, ուր մզկիթներ, խանութներ եւ համալսարան մը ժամանակաւոր հիւանդանոցներու վերածուեցան` դարմանելու համար վիրաւոր ցուցարարները:Ոստիկանութիւնը երէկ Անգարայի մէջ արցունքաբեր կազ եւ ջրաշիթ մեքենաներ օգտագործեց` հարիւրաւոր ցուցարարներ ցրուելու համար: Իզմիրի մէջ ցուցարարները յաջողեցան քաղաքին մէջ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կեդրոնը հրկիզել:Բռնարարքներ տեղի ունեցան նաեւ Իզմիրի, Ատանայի եւ Այնթապի մէջ:Մինչ երէկ երեկոյեան Պեշիկթաշի մէջ բախումները մագլցում արձանագրեցին, Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ ցուցարարներուն թիւը նկատառելի կերպով աճեցաւ, եւ անոնց վերեւ զինուորական ուղղաթիռներ սկսան թռիչք կատարել: Թուրքիոյ աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը այսօր կը ծրագրէ ընդհանուր գործադուլ կատարել:








All the contents on this site are copyrighted ©.