2013-06-04 13:56:52

Գաղտէացի Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսը


Յունիս 5-էն 9 սկիզբ կ՝առնէ Գաղտէացի Եկեղեցւոյ անդրանիկ սիւնհոդոսը, գումարուած անցեալ 31 յունուարին ընտրած` գերերջանիկ Լուիս Ռաֆայէլ Սագօ Պատրիարքի կոպմէ։

Նիստերու յայտագիրը կը նախատեսէ, նոր Եպիսկոպոսներու անուանում, Քահանաներու կազմաւորում, Գաղտէացի եկեղեցւոյ եկեղեցական յատուկ սահմանադրութեան վերջնական շարադրութիւն։Սիւնհոդոսական հայրերը պիտի քննակեն նաեւ ծիսական արարողութիւններու վերանորոգման հարցը ու ներդաշնակութիւնը տրուած ըլլալով որ անոնք թեմերէն ներս միաձեւ կերպով չեն մատուցուիր։ Գաղտէացի Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսը պիտի ուսումանասիրէ արտագաղթի երեւոյթը` դադրեցնելու նպատակով գաղթականութեան հոսանքը, քաջալերելով քրիստոնեաները մնալու իրենց մայրենի հողին վրայ կամ վերադառնալու իրենց ծննդավայրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.