2013-06-04 13:57:38

The Jerusalem Post .Արաբական Գարունը Կը Տեղափոխուի Թուրքիա


Արաբական «հոգին» կը տեղափոխուի Թուրքիա: Այս մասին կը հաղորդէ panorama.am-ը՝ վկայակոչելով «The Jerusalem Post» պարբերականը:
Արդեօ՞ք արաբական գարունը ճանապարհ բացած է Թուրքիոյ համար: Թուրքերը, կարծես, արաբական ժողովուրդի ներկայացումէն հատուած մը կը կրկնօրինակեն, որպէսզի քաղաքական փոփոխութիւն իրականացնեն:
«Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան առաջնորդ, վարչապետ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողան իր բնոյթին համապատասխան կը խաղայ` կ’անտեսէ ճնշումները եւ կը խոստանայ շարունակել կառուցողական աշխատանքները:
«Մենք ասիկա կրնանք անուանել «Թրքական գարնան» սկիզբ»,- նշած է Ուաշինկթընի մէջ «American Enterprise» հիմնարկի գիտաշխատող Մայքըլ Ռուպինը:
«Ասիկա լուրջ հարուած է Էրտողանի կառավարութեան: Թուրքիոյ ընկերային կայունութիւնը փշրուած է»,- նշած է «Heritage Foundation» հիմնադրամի աւագ գիտաշխատող Արիէլ Քոհենը:
Քոհեն կը հաւատայ, որ աշխարհիկներու եւ իսլամականներու միջեւ բեւեռացումը պիտի աւելնայ, եւ «ապագային աւելի շատ բռնութիւններ տեղի պիտի ունենան»:








All the contents on this site are copyrighted ©.