2013-06-03 14:34:18

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքի Հանդիպումը ֆրանչիսկոս Պապին Հետ։


''Աշխատեցէք միշտ Եկեղեցւոյ եւ Ազգի միութեան ի նպաստ''

Երկուշաբթի 3 յունիսի առաւօտեան ժամը 11,30-ին Սրբազան Քահանայապետը առանձնական հանդիպում ունեցաւ ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ` Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ։ Ապա ընդունեց Հոգեւոր Տիրոջ ընկերացող` 16 հոգիներէ բաղկացած պատուիրակութիւնը ի շառս որոնց Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարանի մեծաւոր` Հայր Գեւորգ Ծ.Վ. Նորատունկեան, Լեւոնեան Վարժարանի փոխ տեսուչն ու ժառանգաւորները, Անարատ Յղութեան հայ քորերու միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորուհի` Մայր Եւտոքսիա Քէշիշեան եւ Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի աշխատակիցներն ու պատասխանատուն։
Սրբազան Քահանայապետին եւ Հոգեւոր Տիրոջ միջեւ գրեթէ կէս ժամ տեւող առանձնական հանդիպման աւարտին ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը Սրբազան Քահանայապետին անհատապէս ներկայացուց իրեն ընկերացող շքախումբի անդամները որոնք առիթը ունեցան ողջունելու Նորին Սրբութիւնը անոր յայտնելով իրենց որդիական զգացումները։
Պատուիրակութեան ամդամներու հետ ունեցած հանդիպումի աւարտին Սրբազան Հայրը խօսքը ուղղելով ներկաներուն զանոնք յորդորեց աշխատիլ միշտ Եկեղեցւոյ եւ Ազգին միութեան ի նպաստ, ապրիլ համերաշխութեամբ եւ ընդդիմանալ սատանային փորձութիւններուն որ ատելութեան ու բաժանումի գերիշխանն է։
Ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ նուիրեց լանջախաչ մը իսկ պատուիրակութեան ամէն մէկ անդամին նուիրեց` սուրբ վարդարան մը մինչ Հոգեւոր Տէրը իր կարգին ֆրանչիսկոս Պապին նուիրեց` պրոնզէ գեղեցիկ ''խաչելութիւն'' գործը Րաֆֆի Թոգաթլեանին։







All the contents on this site are copyrighted ©.