2013-06-03 13:20:14

Թուրքիոյ Մէջ Բողոքի Ցոյցի Ալիքը 3-րդ Օրն Ըլլալով Կը Շարունակուի. Էրտողան Բազմահազար Ցուցարարները «Գրգռիչներ» Կը Նկատէ


Հարիւրաւոր ցուցարարներ երէկ վերադարձան Պոլսոյ եւ Անգարայի փողոցները` շարունակելով ուրբաթ օրուընէ ի վեր տեղի ունեցող բողոքի ցոյցերը, որոնց ընթացքին 2 զոհ ու հազար վիրաւոր արձանագրուեցաւ եւ շուրջ հազար անձեր ձերբակալուեցան:
Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ երէկ տեղի ունեցած ցոյցը ընդհանուր առմամբ խաղաղ էր, սակայն Անգարայի Քըզըլայ հրապարակին վրայ ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ արձակեց ցուցարարները ցրուելու համար:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ ցուցարարները կը փորձեն ժողովրդավարութիւնը ականահարել: Ան երէկ Օսմանեան արխիւներու շէնքի նոր բաժանմունքի մը բացման արարողութեան ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիա վերջին քանի մը օրերուն ցաւալի «գրգռութիւններու» ականատես կը դառնայ: «Նախկին կառավարութիւններուն նման, մենք դարձեալ ականատես կը դառնանք կառավարութիւնը ընկճելու համար քաոս ստեղծելու ջանքերու: Գլխաւոր ընդդիմութիւնը (Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը. «Ա.») եւ ուրիշներ, որոնք հասկցան, թէ քուէատուփի ճամբով յաղթանակ պիտի չարձանագրեն, այս ցոյցերը կը հրահրեն», ըսաւ ան:
Թուրքիոյ վարչապետը պնդեց, որ Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ վիճայարոյց ու ցոյցերուն պատճառ դարձած շինարարութիւնը պիտի շարունակուի եւ ատոր վրայ ծրագրուած օսմանեան ժամանակաշրջանի Թոփչու զօրանոցի կրկնօրինակը պիտի կառուցուի հակառակ ցուցարարներու կամքին` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը Թաքսիմի մէջ նաեւ Օփերա մը եւ մզկիթ մը պիտի կառուցէ: «Մենք ատիկա կատարելու համար Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան արտօնութեան կարիքը չունինք: Մենք արդէն մեզի թեր քուէարկածներուն արտօնութիւնը ունինք»:
Ան նաեւ պատասխանեց այն ակնարկներուն, որ ինք Թաքսիմի Կեզի այգիի հարցին շուրջ իր յայտարարութիւններուն մէջ գրգռիչ ոճ օգտագործած է` յայտնելով, որ «ես պարզապէս ծառայ մըն եմ: Գրգռելու պէտք չունիմ»:
Էրտողան մերժեց ցուցարարներուն այն պնդումը, թէ ինք «բռնատէր» մըն է` նշելով, որ ինք պարզապէս անհատ մըն է, որ «իր ժողովուրդի ծառայութեան նուիրուած է»:
«Անոնք մայթերը կը քակեն եւ տեղւոյն խանութներուն ապակիները կը փշրեն. ասիկա ժողովրդավարութի՞ւն է», հարց տուաւ ան:
Նշենք, որ Էրտողան շաբաթ օր ընդունեց, որ ոստիկանութեան կողմէ «կարգ մը սխալներ գործուած են, եւ չափազանցուած հակազդեցութիւն ցուցաբերուած է»:
Ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու Էրտողանէն պահանջեց ցուցարարներուն դէմ չափազանցուած ուժ օգտագործելու համար թուրք ժողովուրդէն ներում հայցելու:








All the contents on this site are copyrighted ©.