2013-06-03 15:03:26

''Արաբական Գարունը'' Քրիստոնեաներու Համար Վտանգ Մըն Է'' Կը Հաստատէ Գերապայծառ Էլիաս Շաքքուր։


Ծայրայեղ Մահմետականներու ներկայութիւնը ճշմարիտ վտանգ մըն է։

''Արաբական գարունը'' անտարակոյս մեծ յեղաշտջումն է Իսլամ աշխարհին համար, սակայն այս պատմական շարժումը կը շարունակէ արիւնահոսութիւն յառաջացնել եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն համար մեծ վտանգ մըն է, կը հաստատէ Յոյն Կաթողիկէ գերապայծառ Շաքուր` առաջնորդը Աքքայի թեմին։ Իտալացի լրագրողներուն հետ ունեցած ելոյթին ընթացքին, Հայֆա քաղաքին մէջ, գերապայծառ Շաքուր մատնանշեց որ ներկայիս հանդիսատես ենք Իսլամ աշխարհի ` Սիւննիի եւ Շիիթի միջեւ կրօնական պատերազմի։
Խօսելով Լիպիայի ու Եգիպտոսի ներկայ կացութեան մասին ան կ'ընդգծէ ծայրայեղ մահմետականներու ներկայութիւնը վերոյԻշեալ ընկերութիւններու մէջ։ Անոնք կ՛ուզեն իսլամական օրէնսդրութիւնը` Շարիան, պարտադրել ։ Այդ պարագային Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու հանդէպ վտանգը աւելիով կ՛աճի ու անոնց ապագան անյայտ կը մնայ։ Գերապայծառ Շաքուր Հուսկ հաստատեց որ ներկայիս Իսրայէլի մէջ քրիստոնեայ հասարակութիւնը աւելի լաւ կ'ապրի քան Պաղեստինի մէջ։









All the contents on this site are copyrighted ©.