2013-06-02 12:24:17

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը


''Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնը մեզմէ կը պահանջէ դարձի գալ''


Կիրակի 2 յունիս 2013-ի առաւօտեան ժամը 9,30-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ինչպէս ամէն առաւօտ, պատարագ մատոյց Տումուս Սանդա Մարդայի մատրան մէջ, խումբ մը իտալացի վիրաւորեալ զինուորներու ու անոնց ընտանեկան պարագաներու ներկայութեամբ` Իտալիոյ մէջ, 2 յունիսին նշուող, Հանրապետութեան տօնին առթիւ։
Սրբազան Հայրը ապա կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Աղօթքէն առաջ կատարած իր խորհրդածութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը նշեց անցեալ հինգշաբթի` 30 մայիսին տօնախմբուած Յիսուսի Սուրբ Մարմնին եւ Սուրբ Արեան Տօնը, ''զոր այսօր շատ մը եկեղեցիներու մէջ եւս կը յիշատակուի''։ Ապա մեկնաբանեց Ղուկաս աւետարնիչէն քաղուած` հացի բազմացումի հրաշքի մասին խօսող սուրբ գրային ընթերցումը։
Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց Յիսուսի խօսքերուն ու այս հրաշքի ընդմէջէն Անոր տուած պատգամին. ''Աւելի քան բազմացում` բաժնեկցութիւն մըն է այս - ըսաւ Սրբազան Հայրը- բաժնեկցութիւն մը ոգեւորուած հաւատքով եւ աղօթքով։ Ամէքնը կերան ու կշտացան։ Յիսուսի նշանը` Աստուծոյ հացը բոլոր մարդկութեան համար։
Աշակերտները սակայն լաւ չ՛ըմբռնեցին պատգամը։ Անգամ մը եւս անոնք հետեւեցան մարդկային տրամաբանութեան եւ ոչ թէ Աստուծոյ տրամաբանութեան որ հիմնուած է ծառայութեան, սիրոյ եւ հաւատքի վրայ։

Քահանայապետը ապա խորհրդածութիւնը եզրափակեց ըսելով ''Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնը մեզմէ կը պահանջէ դարձի գալ ու հաւատալ Աստուծոյ նախախնամութեան, ու կը խնդրէ ուրիշներու հետ բաժնեկցիլ մեր ունեցածը։

Հայցենք մեր մօր Մարիամէն օգնութիւն ապաշխարելու եւ միշտ աւելիով հետեւելու Յիսուսին զոր Սուրբ Հաղորդութեան մէջ կը պաշտենք։








All the contents on this site are copyrighted ©.