2013-06-02 12:24:27

Ֆրանչիսկոս Պապը Կոչ Կ՛ուղղէ Ազատագրելու Սուրիոյ Մէջ Արեւանգուածները Եւ Կը Խնդրէ Աղօթել Պատերազմներու Բոլոր Զոհերուն Համար։


Կիրակի 2 յունիս 2013-ի կէսօրին արտասանած Հրեշտակ Տեառն աղօթքի աւարտին ֆրանչիկոս Սրբազան Քահանայապետը վերյիշեց Սուրիոյ տագնապալից վիճակը ու ''երկու տանիրներէ ի վեր տեւող հակամարտութիւնները որ, խաղաղութեան, հասկացողութեան եւ արդարութեան ձգտող սուրիացի անմեղ ժղովուրդը կը հարուածեն''։
Դատապարտելով պատերազմի հետեւանքով բոլոր ժխտական արարքները ֆրանչիսկոս Պապը զօրակցութիւն յայտնեց սուրիոյ մէջ արեւանգուած բոլոր անհատներուն կոչ ուղղելով անոնց ազատ արձակումի ի սպաս։
Սրբազան Հայրը ապա ըսաւ ''Աշխարհի մէջ շատ հակամարտութիւններ կան բայց կան նաեւ յոյսի նշաններ ու այս ուղղութեամբ կ՛ուզեմ քաջալերել Լատին Ամերկայի զանազան երկիրներու մէջ` խաղաղութեան եւ հաշտութեան ուղիով արձանագրուած քայլերը'' ու ապա նշեց առաւօտեան մատուցած սուրբ պատարագը եւ Իտալացի վիրաւոր զինուորներու մասնակցութիւնը հաստատելով թէ ''պատերազմը ամէն ինչ կը կործանէ, խաղաղութիւնը կը կառուցէ'' ։
Ֆրանչիկոս Պապը հրաւիրեց Սուրբ Պետրոսի վրայ համախմբուած հաւատացեալները պահ մը լռելեան աղօթելու ''բոլոր պատերազմներու զոհերուն'' ու ապա հրաժեշտ առաւ բոլորին մաղթելով բարի կիրակի ։








All the contents on this site are copyrighted ©.