2013-06-02 10:33:01

Լիբանանի Խորհրդարանը 17 Ամիսով Երկարաձգեց Իր Պաշտօնավարութիւնը.


Արտակարգ Նստաշրջանը Պիտի Տեւէ Մինչեւ 20 Նոյեմբեր 2014

Նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, խորհրդարանը Ուրբաթ 31 մաղիսի կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին գումարեց իր լիագումար նիստը, որուն ընթացքին իր պաշտօնավարութիւնը 17 ամիսով երկարաձգեց:
Լիագումար նիստէն բացակայեցան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխանները, իսկ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգուեցաւ 97 ներկայ երեսփոխաններով, որոնք բոլորն ալ թեր քուէարկեցին այդ որոշումին:
Խորհրդարանի կեանքը արտակարգ նստաշրջանով մինչեւ 20 նոյեմբեր 2014 երկարաձգելու որոշումը անմիջապէս վաւերացուեցաւ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ:
Աւելի ուշ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, ի դերեւ հանելով խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որոշումը վիճարկելու հաւանականութիւնները, իր կարգին վաւերացուց երկարաձգումը:








All the contents on this site are copyrighted ©.