2013-06-01 12:27:30

Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ «60» ամեակի առիթով Հոգեւոր Համերգ Նուիրուած Ս. Կոյս Աստուածամօր` Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքի Խաղաղութեան համար։


Հինգշաբթի, 30 Մայիս 2013, երեկոյեան ժամը 8-ին, Պուրճ Համուտի՝Ս. Փրկիչ, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիէն ներս, հոգեւոր համերգ մը տեղի ունեցաւ նուիրուած, Ս. Կոյս Աստուածամօր, եկեղեցւոյս «60» ամեակի բացման տօնակատարութեան, Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար, նախագահութեամբ Ազնուափայլ Տիկ. Անի Գալուստի, մասնակցութեամբ «Արծիւեան» եւ «Բլբուլ» մանկապատանեկան երգչախումբերու, ղեկավարութեամբ՝Պր. Մանուէլ Քէշիշեանի, ներկայութեամբ՝ եկեղեցական դասի անդամներուն, Միութենական յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու եւ խուռներամ հաւատացեալներու:
Հանդիսութիւնը սկսաւ բացման խօսքով, որուն ընթացքին փոխ ժողովրդապետ՝ Հ. Ղազար վրդ. Պետրոսեանը, բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն, ապա անդրադարձաւ,հոգեւոր համերգին մասին, որ նուիրուած է Ս. Կոյս Աստուածամօր, փառափանելու համար իր մայրական հոգածութիւնը այս եկեղեցիէն ներս: որմէ ետք ան հակիրճ կերպով ներկայացուց Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան օրէն ի վեր, յաջորդականութեամբ պաշտօնավարող ժողովրդապետներուն ծառայասիրութիւնը, որոնք իրենց նուիրումով եւ հովուական գործունէութեամբ, վար պահեցին հաւատացեալներու հոգիներուն մէջ, հաւատքի եւ սիրոյ կայծը:
Արարողութեան ներկայ էր նաեւ, նախկին ժողովրդապետներէն, Արհի. Տէր Մանուէլ Եպս. Պաթագեան, որ ղեկավարած է նաեւ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ երգչախումը: Երգեցողութեան առաջին մասը կատարեցին, «Բլբուլներ»ը, որոնք ներկաներուս մարեմեան շարականներով ու տաղերով զարդարուած ծաղկեփունջ մը ներկայացուցին: Երկրորդ մասը, «Արծիւեան» երգչախումբի անդամները ներկայացուցին, որոնց շարքին զանազան մեներգութիւններ ալ կատարուեցան, Տիկ. Միրէյ Քիւթիւքճեան, Տիկ. Անայիս Նէնէճեան, Օր. Ռոզիկ Գապատայեան, Վարդենի Կառանեան ու Հ. Ղազար վրդ. Պետրոսեանը: Հանդիսութեան աւարտին եկեղեցւոյս Ժողովրդապետ,Գերապատիւ՝ Հ. Սարգիս Վրդ. Դաւիթեան, իր սրտին խօսքը ըսելով, ան անդրադարձաւ Սուրիոյ մէջ գտնուող մեր տարապեալ եղբայր ու քոյրերուն մասին եւ Տիրամօր օգնութիւնը հայցեց բոլորին համար, ապա պաշտօնապէս յայտարարեց եկեղեցւոյս «60» ամեայ տօնակատարութիւններուն բացման արարողութիւնը, իր խօսքին մէջ ան շնորհակալութիւն յայտնեց, օրուան հանդիսութեան նախագահ Տիկ. Անի Գալուստին, առ ի գնահատանք իր ժրաջան ընկերային աշխատանգներուն եւ սիրոյն հայ ազգի զաւակներուն նկատմամբ, նաեւ ղեկավար պր. Մանուէլ Քէշիշեանին, իրեն ընկերակցող նուագախումի անդամ-անդամուհիներուն, ձայնային սարգաւորման պատասխանատուին պր. Նշան Փաջանեան:
Հանդիսութիւնը իր կատարելութեան հասաւ «Մայր Սուրբ», հնադարեան շարականի երգեցողութեամբ՝ ժողովուրդին, երգչախումբին եւ փոխ ժողովրդապետիս կատարողութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.