2013-06-01 11:23:04

Հայաստան Դէպի Տիեզերք Արբանեակ Պիտի Արձակէ


Սեփական արբանեակի արձակման եւ զայն Հայաստանին յատկացուած ուղեծիրին մէջ տեղակայելու նպատակով 2012ին Հայաստանի փոխադրութեան եւ կապի նախարարութեան համակարգին մէջ ստեղծուած է «Արմկոսմոս» փակ բաժնետիրական ընկերութիւնը:
Հայաստանի փոխադրութեան եւ կապի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Գ. Գրիգորեանը «Նիուզ»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է. «Ներկայիս նախարարութիւնը գէոստացիոնար ուղեծրային դիրքի իրաւունքի գրանցման նպատակով համապատասխան միջազգային յայտ է ներկայացրել Հեռահաղորդակցութեան միջազգային միութեանը (ՀՄՄ)»:
ՀՄՄի կողմէ ուղեծիրի դիրքի իրաւունքի արձանագրութեան եւ հետազօտական աշխատանքներու աւարտէն ետք բանակցութիւններ պիտի կատարուին՝ արբանեակի նախագծման եւ կառուցման, ֆինանսաւորման աղբիւրներու եւ արբանեակի արձակման ժամկէտներուն շուրջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.