2013-06-01 12:53:42

2013-ը՝ Հայ Մօր Տարի
Հռչակուած Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ.
Արդի մօր վերաբերումը...



Մայրեր շատ զգոյշ պէտ է ըլլան զաւակներու հանդէպ ցուցաբերած իրենց վերաբերումին մէջ, ասոր անդրադարձանք մեր նախորդ սփռումին, գնահատութիւններն ու քննադատութիւնները չափաւոր պէտք է ըլլան, որպէս անոնց արդիւնքները ալ ըլլան դրական։ Մայրը մեծ դեր ունի օգնելու զաւակը որպէսզի ան աճի որպէս անհատականութիւն, գտնէ իր ինքնութիւնը, ունենայ կեանքը իմաստաւորող եւ թռիչքներ պարգեւող իտէալներ։ Զաւակները կարիքն ունին սնունդի եւ այլ պահանջքներու, սակայն անկէ աւելի առաջ անոնք կարիքն ունին զգալու մօր անվերապահ սէրը ու բարոյական նեցուկը։
Տան մէջ, արդի մօր պարտականութիւնն է ստեղծել այնպիսի մթնոլորտ մը որ առիթ տայ զաւկին ազատօրէն եւ անկաշկանդ կերպով արտայայտուելու իր ներաշխարհին մէջ եռեւեփող եւ զինք մտահոգող հարցերը։
Յատկապէս իր սիրտը բանալու մօր առջեւ...
Այս պարագային մայրը պէտք է դառնայ ականջ, մոռնալով իր բոլոր հարցերը եւ ջանալով թափանցել զաւկին հոգիին խորքը։ Չունենայ թեթեւ եւ մակերեսային մօտեցում, այլ լուրջ, սրտակից եւ հասկցող կեցուածքով քաջալերէ որ ան միշտ փնտռէ զինք որպէս խորհրդատու եւ ոչ տարբեր սխալ ընկերկցութեան առաջնորդող։








All the contents on this site are copyrighted ©.