2013-05-31 12:11:16

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։
Մայիսեան Ամսուայ Եզրափակիչ Արարողութիւն


Ուրբաթ 31 մայիս 2013-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ յաջորդաբար ընդունեց` Միացեալ Ազգերու 67րդ ընդհանուր ժողովի նախագահ` Տիար Վուք Երէմիչ, Ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովի կառավարիչ` Կարտինալ ֆէրնանտօ ֆիլոնին ու ապա գերապայծառ ֆրանչիս Լատարիա ֆէրրէր` Հաւատոյ Ժողովի քարտուղարը։
Սրբազան Քահանայապետը ապա Աստուածամօր նուիրուած մայիս ամսուայ փակման արարողութեան առթիւ` երեկոյեան ժամը 8,30 Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ կազմակերպուած Սուրբ Վարդարանի ջեռմերանդական աղօթքի աւարտին, խորհրդածութիւն մը կը կատարէ ու ապա կը ջամբէ իր առաքելական օրհնութիւնը։
Արարողութեան ընթացքին Աստուածամօր սրբապատկերը թափօրով պիտի շրջի սուրբ Պետրոսի Հրապարակի վրայ արժանանալով հաւատացեալներու ջերմեռանդութեան։
Յայտնենք որ վերոյիշեալ արարողութիւնը տեղի կ՛ունենար ընհանրապէս Վատիկանի Պարտեզներու մէջ զետեղուած` Լուրտի Քարայարին առջեւ, սակայն հաւատացեալներու հոծ բազմութեան պատճառաւ որոշուեցաւ այս տարի զայն փոխադրել Սուրբ Պետրոսի հրապարակ։ Նշենք նաեւ որ 31 մայիս 2008-ին եւս, Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետի օրով, մայիսեան ամսուայ եզրափակիչ արարողութիւնը կատարուած էր Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.