2013-05-31 13:39:08

Ֆրանչիսկոս Պապը ''Աստուած Ուրախութիւն է, Յուսալքուած Քրիստոնեաներով Կարելի Չէ Աւետարանը Յառաջ Տանիլ։''


Սուրբ Հոգին քրիտոնէական ուրախութեան հեղինակն է եւ աւետարանը հռչակելու համար հարկաւոր է մեր սրտին մէջ ունենալ Աստուծոյ Հոգիին պարգեւած ուրախութիւնը։ Տոշուս Սանդա Մարդայի մատրան մէջ մատուցած մատուցած առաիօտեան սուրբ պատարագի ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը յաճախակի կրկնեց այս նախադասութիւնը մատնանշելով Պօղոս Զ-ի խօսքին որ կ՛ըսեր թէ ''կարելի չէ աւետարանը յառաջ տանիլ` տխուր, յուսալքուած եւ վհատած քրիստոնեաներու միջոցաւ։''
Նորին Սրբութիւնը ապա հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու Աստուածամօր ու հայցելու անոր բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզի պարգեւէ երջանկութեան շնորհքը, ազատութեան ուրախութեան շնորհքը։ Աղօթենք Տիրամօր ըսելով ''Տիրուհի, դուն որ այնքան մեծ ես, այցելէ մեզ ու մեզի շնորհէ ուրախութիւնը։''








All the contents on this site are copyrighted ©.