2013-05-31 13:13:44

''Սուրբ Հաղորդութեան Հանդիսաւոր Պաշտամունք Համաշխարհային Գետնի Վրայ''։


Հաւատոյ Տարուայ Առթիւ կիրակի 2 յունիսի յետ միջօրէին, Յիսուսի Մարմնոյ Եւ Արեան Տօնին Առթիւ, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը գլխաւորէ ''Սուրբ Հաղորդութեան Հանդիսաւոր Պաշտամունքը''։ Սոյն արարողութիւնը ունի պատմական բնոյթ - յատյարարծ էր գերապայծառ ֆիզիքելլան` նոր աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը, անցեալ 28 մայիսին, Սուրբ Աթոռի գրասենեակի մօտ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։ Արդարեւ այս առաջին անգամն է որ միեւնոյն ժամուն աշխարհի բոլոր եկեղեցիները` սկսելով խաղաղական ովկիանսոի կղզիներէն, անցնելով Քորէայէն, Իզլանտայէն, Արժէնդինէն Գամերունէն եւ Հնդկաստանէն.... կը ժամադրուին ''Հռոմի ժամով'' ու միատեղ կը կատարուի ''Սուրբ Հաղորդութեան Պաշտամունք''։
Վերոյիշեալ ''Սուրբ Հաղորդութեան Պաշտամունքի'' ընթացքին ֆրանչիսկոս Պապը խնդրած է հաւատացեալներէն աղօթել` Եկեղեցւոյ դիտաւորութեան որպէսզի ըլլայ ''Միութեան Նշան'' ու նեաւ աղօթել ''բոլոր անոնց որ տառապանքի մէջ կ՛ապրին''։
Աշխարհի բոլոր հաւատացեալներուն կարելիութիւն տալու համար հետեւիլ պատմական այս արարողութեան, նոր աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը յայտնած է թէ արարողութեան գրքոյկը 7 լեզուներով պիտի թարգմանուի ։








All the contents on this site are copyrighted ©.