2013-05-31 12:04:31

Պրիտանիոյ Արքայազուն Չարլզ Իշխանի Այցը Ս. Էջմիածին


Պրիտանիոյ արքայազուն Չարլզ իշխանը, որ Հայաստան կը գտնուի «Երեւան, իմ սէր» բարեգործական հիմնադրամի հրաւէրով, 30 Մայիսին այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Մայր Տաճարին մէջ արքայազունը ողջունեց Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, որ իշխանին ներկայացուց հայաստանեայց եկեղեցւոյ պատմական առաքելութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ եւ անոր կարեւոր դերակատարութիւնը՝ ազգային ինքնութեան պահպանման, անկախ պետականութեան վերականգնման իմաստով:
Գարեգին Բ. կաթողիկոս նաեւ անդրադարձաւ միջեկեղեցական յարաբերութիւններուն՝ մասնաւորապէս ներկայացնելով հայ եւ անգլիական եկեղեցիներուն միջեւ առկայ համագործակցութիւնը: Ապա Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը եւ արքայազուն Չարլզը այցելեցին Մայր Տաճարի աւանդատուն-թանգարան, ուր իշխանը ծանօթացաւ հայ եկեղեցւոյ կողմէ պահպանուող հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներուն:
Վեհափառ Հայրապետը եւ արքայազունը շրջագայեցան նաեւ Մայր Աթոռի տարածքին մէջ, այցելեցին Ս. Վարդան եւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ մատուռ-մկրտարան: Չարլզ իշխանին ներկայացուեցաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի գործունէութիւնը:
Արքայազուն Չարլզ այցելեց նաեւ «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարան, ուր իրեն ի պատիւ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որուն ներկայ էին նաեւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի բարերարներ տէր եւ տիկին Վաչէ եւ Թամար Մանուկեանները, Արմէն Սարգսեանը, տէր եւ տիկին Հայկ եւ Էլզա Թիթիզեանները: Հայաստան տուած այցելութեան ընթացքին արքայազունը այցելեց նաեւ այլ սրբավայրեր՝ Խոր Վիրապի վանք, Ս. Գեղարդավանք եւ Ս. Հռիփսիմէ վանք:








All the contents on this site are copyrighted ©.