2013-05-31 13:18:38

Հաւատոյ Տարի
Աստուծոյ Խօսքին զօրութիւնը հաւատացեալին կեանքին մէջ


Սուրբ Պօղոս Կորնթացիներու ուղղած նամակին մէջ կը գրէ. «Եթէ Աւետարանը կը քարոզեմ, ինծի համար պարծանք մը չէ, այլ պարտականութիւն մը, որ վրաս գրուած է. եւ վա՛յ ինծի եթէ Աւետարանը չքարոզեմ»:
Ահաւասիկ վկայութիւն մը, որ հրաւէր կը կարդայ իւրաքանչիւր հաւատացեալի իր հաւատքը քննելու՝ Աստուծոյ Խօսքին լոյսին տակ:
Ի՞նչ է Աստուծոյ խօսքը: Ի՞նչ է անոր ազդեցութիւնը այսօրուայ աշխարհին մէջ: Ահաւասիկ հարցադրումներ են, որոնց մասին խորհրդածելը անհրաժեշտութիւն մը կը թուի մեզի այսօր, որքան հացը՝ մեր մարմինին:
Աստուծոյ Խօսքը ի՞նչ է: Դերեւս ոմանց համար անիմաստ թուի սա հարցումը, սակայն քիչ անգամ լուրջ կերպով կը մտածենք անոր մասին: Աստուծոյ խօսքը գիրք մը չէ, գրութիւն մը չէ: Աստուծոյ խօսքը Յիսուս Քրիստոսն է: Իսկ ո՞վ է Յիսուս Քրիստոս: Յիսուս Քրիստոս պատկեր մը չէ, նահատակ հերոսի կամ գիտնականի մը յուշակոթողը չէ, այլ կենդանի եւ ապրող անձնաւորութիւն մըն է: Հետեւաբար, Աստուծոյ խօսքին մէջ կայ զօրութիւն, կայ ուժ: Սակայն այսօրուայ աշխարհին մէջ կան նաեւ տարբեր ուժեր, զանազան զօրութիւններ, որոնք կը փորձեն խեղադիւրել Աստուծոյ խօսքին զօրութիւնը եւ իրենք զիրենք ներկայացնել որպէս աշխարհի գերագոյն եւ մեծագոյն ուժը: Կը խօսինք Արեւմտեան Մշակոյթի մասին, որ «յոյժ աւերիչ ազդեցութիւն ունի նոր սերունդին վրայ, գլխաւորաբար այն պատճառով որ ամբողջ շեշտը կը դնէ լոկ հեշտանքի, զգայարանքներու ցանկութեանց յագեցման վրայ, որ կը սպառնայ հոգեկան ու իմացական գեղեցկութիւնները՝ դատարկացնելու անհատին կեանքը»:
Պենեդիկտոս ԺԶ Սրբազան վաստակաւոր Քահանայապետը Հռոմի կղերին հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին կը յորդորէ զանոնք ըսելով. «Ճշմարտութիւնը աւետեցէք նոյնիսկ եթէ անիկա անհանգստութիւն պատճառէ», եւ կը շարունակէ ըսելով. «Եկեղեցին սպառնալիքի տակ է եւ միշտ պիտի ըլլայ, բայց պէտք չէ մոռնալ այն իրողութիւնը.... որ Աստուած աւելի զօրաւոր է քան որեւէ ուրիշ Աստուծոյ հակառակ ուժ մը»: Հետեւաբար, «Հսկեցէք ձեր վրայ, կը թելադրէ Քահանայապետը, ուշադիր եղէք ձեր հոգեւոր կեանքին...: Աղօթելը ու Աստուծոյ խօսքին վրայ խորհրդածելը ժամանց մը չէ, այլ մեր Տիրոջ հետ կապ մըն է, որպէսզի կարենանք այդ կապը հաստատել նաեւ Յիսուսի եւ մեզի տրուած հօտին հետ»:
Այսօր, մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ անհաճելի երեւոյթ մը կայ, որ մեր սրտերը կը ճմլէ: Եկեղեցի եկող բազմաթիւ ծնողքներ, այսօր, առանց իրենց զաւակներուն եկեղեցի կու գան: Ինչո՞ւ, ո՞ւր կ՛երթան: Ինչո՞ւ եկեղեցին չէ կրցած զանոնք հրապուրել: Չէ կրցած, որովհետեւ կը թուի, թէ տրուած դաստիարակութիւնը վրիպեցաւ իր նպատակէն, թերեւս ալ տալու ձեւը առողջ չէ, որպէսզի Յիսուսի Ձայնը եւ աւետարանին ձայնը խօսի իրենց մէջ: «Այսօրուայ աշխարհը, կ՛ըսէ վաստակաւոր Քահանայապետը, կարիքը ունի անձերու, որոնք Աստուծոյ հետ խօսին, որպէսզի կարենան խօսիլ Աստուծոյ մասին: Նկատի առնելու ենք նաեւ, կը շարունակէ Բենեդիկտոս, որ Յիսուս գեղեցիկ խօսքերով չէ որ փրկեց աշխարհը այլ՝ իր չարչարանքով եւ մահով»: Հետեւեբար, աւետարանող, բարի աւետիսը փոխանցող ըլլալ, առանձնաշնորհում մը չէ, այլ հաւատքէն մղուած պարտաւորութիւն մըն է: Աստուծոյ խօսքին ուժը մեր միջոցներէն կախեալ չէ, այլ Աստուծմէ, որ զայն ծածուկ կը պահէ իմաստուներէն, եւ կը յայտնէ խոնարհներուն՝ խաչափայտին վրայ:
Եզրակացութիւն: Աշխարհը պէտք չունի գեղեցիկ խօսքերուն, այլ զօրաւոր հաւատքի: Աշխարհը պէտք ունի գեղեցիկ օրինակներուն: Աշխարհը պէտք ունի ցուցմունքներու, հասնելու համար յաւիտենական կեանքին: Եւ յաւիտենական կեանքը այս է. «որ ճանչնան Քեզ միակ ճշմարիտ Աստուած, եւ ճանչնան Յիսուս Քրիստոսը, զոր դուն ղրկեցիր»:








All the contents on this site are copyrighted ©.