2013-05-31 12:12:40

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկները Համակարգող Պետական Յանձնաժողովի Նիստ


Երէկ Հայաստանի կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի երրորդ նիստը, զոր վարեց յանձնաժողովի նախագահ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Ողջունելով յանձնաժողովի անդամները` նախագահ Սերժ Սարգսեան կարեւոր նկատեց, որ նիստերուն միջեւ ժամանակահատուածին մէջ յանձնաժողովը ոչ մէկ օր կանգ կ՛առնէ` իրականացնելով իր առջեւ դրուած խնդիրները: Հայաստանի նախագահը նիստի մասնակիցներուն տեղեկացուց վերջերս Գերմանիոյ մէջ բնակող երիտասարդ թուրքի մը հետ իր նամակագրութեան մասին եւ ընդգծեց, թէ ինչո՞ւ այդպէս մանրամասն կանգ կ՛առնէ այդ նամակագրութեան վրայ: «Մեհմետ Հաքան Եայլը` 30-ամեայ երիտասարդ մը, որ ինծի նամակ ուղարկած էր, մասնաւորաբար այդ նամակին մէջ կը նշէ. «Իմ մանկութիւնս անցուցած եմ Պոլսոյ մէջ, ուր կը բնակին բազմաթիւ հայ ընտանիքներ: Ես բազմաթիւ հայ ընկերներ ունէի, սակայն հասուննալով սկսայ աւելի շատ զգալ, որ մարդիկ, չեմ գիտեր ինչու, հայերուն նկատմամբ անհիմն թշնամանք կը տածեն: Կեանքիս ամբողջ ընթացքին անոր ընդհանրապէս կարեւորութիւն չեմ տուած, միայն տանջուած եմ, որովհետեւ իմ ծանօթ ամէնէն լաւ ընկերներս հայեր էին: Այժմ ես Գերմանիա կ՛ապրիմ: Կ՛ըսեն, որ ամէնէն լաւ միջոցը ամէն ինչին դուրսէն նայիլն է, եւ իրապէս այդպէս է: Մարդը կրնայ առարկայական ըլլալ», յայտնեց թուրք երիտասարդը, որ կը պատրաստուի ամառնային արձակուրդը Հայաստան անցընել:
«Ես կը ցանկամ այնպիսի մնայուն բարեկամութիւն, որ փոխադարձաբար ներուին պատմութեան ընթացքին կատարուած սխալները եւ ատիկա մարդոց ապագային վրայ աւելի խաղաղ ազդեցութիւն պիտի ունենայ», թուրք երիտասարդի նամակը ներկաներուն համար ընթերցեց նախագահը եւ տեղեկացուց, որ ինք պատասխանած է այդ նամակին եւ մէջբերելով հատուած մը ըսաւ. «Ինծի լոյս եւ լաւատեսութիւն կը ներշնչէ այն հանգամանքը, որ այսօր կ՛աճի թուրք երիտասարդներու սերունդ մը, որուն յառաջադէմ հատուածը կաշկանդուած չէ թրքական իշխանութիւններուն կողմէ տասնամեակներ շարունակուող քաղաքականութեամբ: Ճիշդ այդ սերունդն է, որ հարցականի տակ կը դնէ այդ քաղաքականութեան արժանահաւատութիւնը, եւ ամէնէն գլխաւորը, պատրաստ է դէմ յանդիման գալ սեփական պատմութեան հետ, ընդունիլ նախնիներու սխալները եւ բաց ու կառուցողական քննարկումներու միջոցով հաշտեցման հասնիլ»:
Նախագահ Սարգսեան ընդգծեց, որ իր պատասխանին համաձայնութիւն յայտնած է ներելու կարեւորութեան մասին թուրք երիտասարդին դիտարկումին` միաժամանակ նշելով, որ ներելու համար անհրաժեշտ է, որ այդ ներումը հայցուի, արարքները ընդունուին: «Այո՛, հայ ժողովուրդը, համոզուած եմ, որ նաեւ թուրք ժողովուրդը կը ցանկան ապրիլ խաղաղ եւ արժանապատիւ կեանքով: Հաւատացած եմ, որ օր մը այդ ցանկութիւնը պիտի առարկայանայ եւ յոյսով եմ, որ թուրք երիտասարդներու աճող յառաջադէմ նոր սերունդը պիտի դառնայ այս գործի ճարտարապետը:
«Ինչո՞ւ այսպէս մանրամասն կ՛անդրադառնամ այս նամակագրութեան: Նկատած եմ ու կը շարունակեմ նկատել, որ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը կարեւոր ու կարելի է այսօր, թերեւս ճիշդ 100-ամեակի շրջագիծին մէջ: Այս առումով մենք անշուշտ մեծ գործ ունինք կատարելիք: Մենք կրնանք Թուրքիոյ հասարակութեան, Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետ միասին հասնիլ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի հանգրուան, մենք կրնանք օգնել անոնց գտնելու անցեալի բեռէն ազատելու ճամբան ու ըլլալու իրենց կողքին այդ շատ դժուար հոլովոյթին մէջ:
«Կը կարծեմ, որ ասիկա շատ կարեւոր ուղղութիւն է մեր յանձնաժողովի աշխատանքներուն մէջ եւ մենք առանձնակի ուշադրութիւն պէտք է դարձնենք այդ հանգամանքին վրայ: Կը կարծեմ, որ ոեւէ մէկը ինծի միամիտի տեղ չի դներ: Կը կարծեմ, որ ոեւէ մէկը չի կարծեր, որ ես մեծ յոյս ու հաւատք ունիմ աւելի եւս թուրք իշխանութիւններուն նկատմամբ: Բայց այս ուղղութեամբ ես աշխատանքները մշտապէս կարեւոր նկատած եմ, կարեւոր կը նկատեմ եւ կարեւոր պիտի նկատեմ», ընդգծեց նախագահ Սարգսեան:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի անդամները քննարկեցին նախորդ նիստէն ետք մինչեւ այսօր տարբեր ուղղութիւններով իրականացուած եւ ընթացիկ կազմակերպչական ու բովանդակային աշխատանքները, ինչպէս նաեւ հետագայ աշխատանքները: Որոշուեցաւ յանձնաժողովի յաջորդ նիստը գումարել մայիս 2014-ին, Երեւանի մէջ` այդ ընթացքին աշխատանքային խումբերու շրջագիծին մէջ շարունակելով աշխուժ աշխատանքը:
Յայտնենք, որ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան սոյն ժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան







All the contents on this site are copyrighted ©.