2013-05-30 10:09:04

Ֆրաչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Կը Գլխաւորէ Յիսուսի Մարմնոյ Եւ Արեան Տօնին Պատարագը եւ Ամենասուրբ Հաղորդութեան Աւանդական Թափօրը։


Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրաւէր մը ուղղեց բոլոր հռոմաբնակ հաւատացեալներուն եւ օտարազգի ուխտաւորներուն մասնակցելու` Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին առթիւ` Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէսի Պազիլիքայի հրապարակի վրայ մատուացուած սուրբ Պատարագին որուն կը յաջորդէ Ամենասուրբ Հաղորդութեան թափօրը որ մեկնելով Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայէն վերջ կը գտնէ ''Սանդա Մարիա Մաճճորէ''` Աստուածամօր նուիրուած Պազիլիքա։

''Կը հրաւիրեմ Հռոմի բոլոր հաւատացեալները եւ ուխտաւորները միանալու Հաւատոյ այս խոր արտայայտումին հանդէպ Ամենասուրբ Հաղորդութեան որ Եկեղեցւոյ եւ մարդկութեան համար թանկարժէք գանձ մըն է։'' Ըսած էր ֆրանչիսկոս Պապը։

Յայտնենք որ Ան երեկոյեան ժամը 18,40 ինքնաշարժով կը մեկնի Վատիկանի Տոմուս Սանդա Մարդայէն եւ ժամը 7-ին կը հասնի Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէսի Պազիլիքա ուր, հրապարակի վրայ, կը նախագահէ Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան Տօնին հանդիսաւոր ս. պատարագը որմէ ետք կը գլխաւորէ Ամենասուրբ Հաղորդութեան աւանդական թափօրը որ կ՛եզրափակուի ''Սանդա Մարիա Մաճճորէ'' Պաիզիլիքայի հրապարակին վրայ Սրբազան Քահանայապետի ջամբած Ամենասուր Հաղորդութեան օրհնութեամբ։
Նորին Սրբութիւնը երեկոյեան ժամը 9,30 կը վերադառնայ Վատիկան։








All the contents on this site are copyrighted ©.