2013-05-30 09:07:20

Արքայազուն Չարլզ Տեսակցեցաւ Նախագահ Սարգսեանի Հետ Եւ Այցելեց Մատենադարան


Բրիտանիոյ արքայազուն Չարլզ Երեւան տուած իր այցելութիւնը սկսած է Մատենադարանէն, ուր անոր կ՛ընկերակցէր «Երեւան, իմ սէր» բարեգործական ծրագիրի հիմնադիր, Հայաստանի նախկին վարչապետ Արմէն Սարգսեանը: Անոնք դիմաւորուած են Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանի կողմէ: Արքայազունը ծանօթացած է Մատենադարանի բացառիկ հաւաքածոյի կարեւորագոյն նմոյշներուն, որոնց կարգին՝ 13րդ դարու Աստուածաշունչին: Մատենադարանին կողմէ իբրեւ նուէր իշխանին տրուած է Գրիգոր Նարեկացիի արծաթապատ «Մատեան Ողբերգութեան»ը։
29 Մայիսին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցած է արքայազուն Չարլզի հետ. նախագահը ողջունած է իշխանը, որ այս այցելութեամբ կարելիութիւն ունեցած է ծանօթանալ Հայաստանին, ժողովուրդին եւ պատմամշակութային ժառանգութեան։ Ընդգծելով, որ հայ-բրիտանական յարաբերութիւնները երկար դարերու պատմութիւն ունին, եւ որ հայ ժողովուրդը ջերմօրէն կը վերաբերի բրիտանացի ժողովուրդին ու արքայական ընտանիքին հետ՝ Հանրապետութեան նախագահը խնդրած է իր ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցել Բրիտանիոյ թագուհի Էլիզապէթ Բ.ին:
«Ձեր նկատմամբ մեր ժողովրդի վերաբերմունքն առանձնայատուկ է, եւ դա պայմանաւորուած է նաեւ նրանով, որ դուք բարեգործական մեծ գործունէութիւն էք ծաւալում: Դրա վառ վկայութիւնը «Երեւան, իմ սէր» ծրագրին ձեր ակտիւ մասնակցութիւնն է եւ ձեր ներդրումը», յայտնած է նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Հանրապետութեան նախագահը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է «Երեւան, իմ սէր» բարեգործական ծրագիրի հիմնադիր Արմէն Սարգսեանին՝ այդ ծրագիրին նախաձեռնելու եւ արքայազուն Չարլզի Հայաստան այցելութիւնը կազմակերպելուն համար:
Արքայազուն Չարլզ շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահին՝ իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ հիւրընկալութեան, իսկ Արմէն Սարգսեանին՝ հրաւէրի համար եւ կարեւոր նկատած է «Երեւան, իմ սէր» բարեգործական ծրագիրը, ինչպէս նաեւ Դիլիջանի մէջ կառուցուող միջազգային դպրոցի ծրագիրը: Իշխանը շեշտած է, որ բարձր կը գնահատէ կրթութեան եւ երիտասարդութեան զարգացման նպատակով Հայաստանի մէջ ի գործ դրուած ծրագիրները՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով ընդլայնելու երիտասարդ ձեռներէցներուն աջակցութեան իր ծրագիրը նաեւ Հայաստանի մէջ:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է հայ-բրիտանական բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան, երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման ու համագործակցութեան ամրապնդման վերաբերող հարցերու:
Այլ հանդիպումի ընթացքին Արմէն Սարգսեան արքայազունին ներկայացուցած է «Երեւան, իմ սէր» ծրագիրը, որ Սկովտիոյ մէջ գործող եւ Չարլզ իշխանին աջակցութիւնը վայելող «Տամֆրիներու տուն» ճարտարապետական ժառանգականութեան նպատակով գործող բարեգործական ծրագիրին նման է: Արմէն Սարգսեան դիտել տուած է, որ Ուէյլզի արքայազունին օրինակը ոգեշնչած է զինք՝ աշխատելու Երեւանի պատմական վայրերու պահպանման եւ վերականգնման ուղղութեամբ:
Դիլիջանի միջազգային դպրոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Ռուբէն Վարդանեան իր կարգին ներկայացուցած է 150 միլիոն տոլար արժողութեամբ ծրագիրին մանրամասնութիւնները: Վարդանեան ու անոր կինը ներկայացուցած են Դիլիջանի դպրոցին մէջ արքայազունին ի պատիւ 65 ծառ տնկելու նախաձեռնութիւնը:
«Երեւան, իմ սէր» ծրագիրի ծիրին մէջ կը նախատեսուի Երեւանի Կոնդ համայնքին մէջ՝ Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ կից վերակառուցել պատմական 3 շէնք, որոնք Մօր եւ Մանկան ապաստան պիտի ըլլան անապահով ընտանիքներուն համար, նաեւ մսուր՝ առողջական խնդիրներ ունեցող երեխաներուն համար եւ համայնքային գործունէութեան կեդրոն:








All the contents on this site are copyrighted ©.