2013-05-29 11:53:25

Ֆրանչիսկոս Պապին Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 29 մայիսի առաւօտեան ժամը 10,30-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկդնրութիւն շնորհեց բազմահազար իտալացի եւ օտարազգի Հաւատացեալներուն որոնք համախմբուած էին Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ։
Անոնց արտասանած իր ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
անցեալ չորեքշաբթի ընդգծեցի Սուրբ Հոգիին եւ Եկեղեցւոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող խոր կապը եւ այսօր կ՛ուզեմ սկսիլ նոր խորհրդածութիւն մը յատկացուած Եկեղեցւոյ Խորհուրդին։ Խորհուրդ մը որ մենք ամէնքս կ՛ապրինք եւ որուն մաս կը կազմենք։
Եկեղեցին ծնունդ առաւ Աստուծոյ այն փափաքով` միացնելու իր բոլոր զաւակները մէկ ընտանիքի մէջ. ընտանիք մը ուր ամէն մէկը մօտիկ ու սիրուած զգայ ինքզինք Աստուծմէ։
Ամէն անհատ կանչուած է մաս կազմելու այս ընանինքին ու մասնակցելու Աստուածային կեանքին։ Աստուծոյ այս կոչը, իր հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելու, ծնունդ առած է արարչագործութեան ժամանակ։ Սակայն մեղքի պատճառաւ փրկչագործութեան ընդմէջէն է որ Տէրը կու գայ մոլորած մարդը փնտռելու ու անոր կ՛առաջարկէ իր սէրը ։ Փրկչագործութեան այս պատմութիւնը իր գագաթնակէտը կը գտնէ Յիսուս Քրիստոսով որ իր շուրջ կը համախմբէ իր Եկեղեցին` Աստուծոյ զաւակներու ընտանիքը։
Խաչին վրայ մեռնելով, Յիսուս նոր ու յաւիտենական ուխտ մը կը հաստատէ Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ, եւ կեանք կու տայ Եկեղեցւոյ։
Այն ամբողջ սէրը որ Յիսուս յայտնեց իր կեանքը նուիրելով, հաղորդուած է, այսօր եւս, խորհուրդներու մէջ որուն խորհրդանիշերն են ջուրն ու արիւնը որ հոսեցան անոր խոցուած կողէն։ Անկարելի է արդ` բաժնել Յիսուսը Եկեղեցիէն որովհետեւ ան կու գայ Աստուծմէ, Անոր գործն է, եւ մաս կը կազմէ մարդոց համար Աստուծոյ սիրոյ այն մեծ ծրագիրին որ միակն է որ մեզ կ՛առաջնորդէ Յիսուսին։

Հայցենք Տիրոջմէ, Հաւատոյ այս տարուայ առթիւ, որպէսզի մեր հասարակութիւնները ու համայն Եկեղեցին միշտ աւելիով դառնան իսկական ընտանիքներ որ կ՛ապրին ու կը փոխանցեն Աստուծոյ ջերմութիւնը - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը խօսքը եզրափակելով ու ապա զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ գտնուող, աշխարհի զանազան երկիրներէ ժամանած հաւատացեալները յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն ըսաւ` ''Մայիս ամսուայ այս վերջին ունկնդրութեամբ մեր մտքերը բնականաբար կ՛ուղղուին Ամենասուրբ Մարիամին, քրիստոնէական մեր ուղեւորութեան լուսաւոր Աստղ։ Անընդհատ դիմենք Անոր` որպէսզի Անոր միջամտութեան ու օրինակին հետեւելով վստահելի ուղեցոյց մը գտնենք մեր ամենօրեայ հաւատոյ ուխտագնացութեան ուղեւորութեան ընթացքին։''

Նորին Սրբութիւնը ապա հրաւէր մը ուղղեց բոլոր հաւատացեալներուն մասնակցելու` վաղը երեկոյեան ժամը 7-ին, Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին տօնակատարութիւններուն Ամենասուրբ Հաղորդութեան աւանդական թափօրին։








All the contents on this site are copyrighted ©.