2013-05-29 08:49:10

Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան Տօնը։


Հինգշաբթի 30 մայիսի երեկոյեան ժամը 7-ին, Հռոմի Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէսի անուան Պազիլիքայի հրապարակի վրայ, Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան Տօնին առթիւ, Սրբազան Քահանայապետը կը նախագահէ հանդիսաւոր ս. պատարագը որմէ ետք տեղի կ՛ունենայ Սուրբ Հաղորդութեան թափօրը, մասնակցութեամբ հռոմաբնակ հաւատացեալներուն եւ օտարազգի ուխտաւորներուն։ Թափօրը սկիզբ կ՛առնէ Սուրբ Յովհաննէսի հրապարակէն եւ կ՛ուղղուի ''Սանդա Մարիա Մաճճորէ'' Աստուածամօր նուիրուած պաիզիլիքա ուր Նորին Սրբութիւնը կ՛եզրափակէ արարողութիւնը ներկաներուն ջամբելով Սուրբ Հաղորդութեան օրհնութիւնը։
Հռոմի ժողովրդապետներուն ուղարկած իր նամակին մէջ Հռոմի տեղապահ արքեպիսկոպոսը` Կարտինալ Ակոսդինօ Վալլինին կը գրէ ''Հաւատոյ այս տարուայ առթիւ կազմակերպուած սոյն միջոցարումը աւելի կարեւորութիւն կը ստանայ որովհետեւ կանչուած ենք մեր հաւատքը վկայելու մեր քաղաքին ճամբաներուն վրայ Սուրբ Հաղորդութեան մէջ Յիսուս Քրիստոսի իսկական ներկայութեամբ։ ''








All the contents on this site are copyrighted ©.