2013-05-29 14:04:07

''Յաղթապանծութիւնը Կ՛ընդհատէ Եկեղեցւոյ Ուղեւորութիւնը։ Յաղթահարելու Ենք Առանց Խաչի Քրիստոնէութեան Փորձութիւնը։'' Ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապը


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այսօր` չորեքշաբթի 29 մայիսի առաւօտեան, Տոմուս Սանդա Մարդայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագին ընթացքին` ներկայութեամբ Վատիկանի պաշտօնեաներուն, իր արտասանած քարոզին մէջ ըսաւ.

Այսօրուայ Աւետարանը մեզի կը պատմէ թէ Յիսուս իր աշակերտներուն հետ միասին ելլելով Երուսաղէմ անոնց կը յայտնէ իր չարչարանքը, մահն ու Յարութիւնը։ Հաւատքի ճանապարհն է։ Մինչ առաքեալեները ուրիշ ծրագիրներ կը մշակէին - ըսաւ Սրբազան Հայրը - օրինակ տալով թէ ինչպէս Յովհաննէս եւ Յակովբոս առաքեալները անորմէ կը խնդրեն, անոր արքայութեան մէջ նստիլ ձախ ու աջ կողմը, վիճաբանութիւն մը յառաջացնելով թէ ո՞վ աւելի կարեւոր է եկեղեցւոյ մէջ։
Անոնց փորձութիւնը կը նմանի Յիսուսի փորձութեան - յարեց Սրբազան Հայրը - երբ անապատին մէջ սատանան անոր կ՛առաջարկէ կտրուկ ճամբայ մը։ Նման է Սուրբ Պետրոսի փորձութեան որ չ՛ուզեր ընդունիլ Յիսուսի չարչարանքը։ Փորձութիւնը քրիտոնէութեան մը որ առանց խաչի քրիստոնէութիւն մըն է։ Յաղթապանծութեան քրիստոնէութիւն մը։ Յաղթապանծութիւնը կ՛ընդհատէ եկեղեցւոյ ուղեւորութիւնն ու քրիստոնեաները - նշեց ֆրանչիկոս Պապը - մատնանշելով թէ յաղթապանծութեան ճանապարհը մեզ չ՛առաջնորդեր այնտեղ ուր Հայրը կ՛ուզէ որ հասնինք։

Ան ապա վերյիշեց իր կեանքէն դրուաք մը երբ կրօնաւորուհինրու մէկ միաբանութեան հոգեւոր կրթութիւն քարոզելու գացած էր։ Ծերունի մայրապետ մը մօտեցաւ խոստովանելու` գեղեցիկ եւ լուսաւոր աչքերով։ Անոր մէջ տեսայ Աստուծոյ կին մը ու անոր նայելով ըսի ''սիրելի քոյր որպէս ապաշխարհանք կը խնդրեմ որ աղօթես ինծի համար որովհետեւ շնորհքի մը պէտքը ունիմ։ Կրօնաւորուհին պատասխանեց ''վստահ եմ որ մեր Տէրը շնորհք պիտի պարգեւէ ձեզի , բայց մի սխալիք որովհետեւ այդ շնորհքը Աստուածային ծրագիրի համաձայն է։ Իմանալ թէ Տէրը մեզի միշտ կը պարգեւէ այն ինչ որ կը խնդրենք իրմէ իր Աստուածային հաճութեամբ` զիս հանդարտեցուց - ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով որ ''այս ծրագիրը կ՛ընդգրկէ խաչը ոչ թէ խոնարհեցումի այլ սիրոյ համար ՝ սէր մինչեւ վերջ։

Քահանայապետը հուսկ քարոզը եզրափակեց հայցելով Տիրոջմէ որ պարգեւէ շնորհքը՝ ըլլալու ոչ թէ յաղթապանծ եկեղեցի մը, յաջողութիւններ փնտռող Եկեղեցի մը այլ խոնարհ Եկեղեցի մը որ վճռականօրէն կ՛ընթանայ դէպի յառաջ, Յիսուսի նման, Աստուծոյ կամքին համապատասխանող՝ բաց սրտով։








All the contents on this site are copyrighted ©.