2013-05-29 08:45:54

Մակի Մօտ Սուրբ Աթոռի Մնայուն Դէտը Կը Յայտնէ Սուրբ Աթոռի Մտահոգութիւնը Ի Տես Կրօնական Ազատութեան Դէմ Խտրականութիւններուն։


Սուրբ Աթոռը իր ''խոր մտահոգութիւնը'' կը յայտնէ ի տես կրօնի ազատութեան դէմ խտրականութեան եւ Քրիստոնեայ հասարակութիւններու դէմ գործադրուած յաճախակի յարձակումներուն, Ափրիկէի, Ասիոյ եւ Միջին Արեւելքի մէջ։ Այսպէս արտայայտուեցաւ գերապայծառ Սիլվանօ Մարիա Թոմազին` Մակի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի, Ժընեւի մէջ գումարուած 23րդ հաւաքի ընթացքին ունեցած իր ելոյթով։
Եկեղեցականը հաստատեց թէ ''վստահելի հետազօտութիւններ'' հասան այն եզրակացութեան թէ ''ամէն տարի 100 հազար քրիստոնեաներ կը սպաննուին իրենց հաւատքի հետ կապակցութիւն ունեցող հարցերու համար։ Իսկ ուրիշ քրիստոնեաներ բռնի տեղահանութիւններու կ՛ենթարկուին, անոնց աղօթատեղիները կը քանդուին ու իրենց ղեկավարները կ՛արեւանգուին, ինչպէս վերջերս պատահած է Հալէպի մէջ արեւանգուած երկու եպիսկոպոսներու պարագային։
''Այս արարքները մոլեռանդութեան, անհանդրժողութեան, ահաբեկչութեան եւ խտրական օրէնքներուն պտուղն են'' հաստատեց Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտը մատնանշելով թէ ''շատ մը արեւմուտքի երկիրներուն մէջ ուր քրիստոնէութեան ներկայութիւնը պատմական եղած է փորձ կը տարուի հանրային կեանքէն քրիստոնէութիւնը ''չէզոքացնելու'', անտեսելով տարիներու ընթացքին անոր տուած ընկերային ու պատմական սատարը ։
Գերպայածառ Թոմազի իր ելոյթը եզրափակեց ֆրանչիսկոս Քահանայապետի` Միլանոյի հրովարտակի 1700րդ յոբելեանի առթիւ հրատարակած պատգամի հետեւեալ խօսքերով ''ամէն տեղ թող յարգուի անհատական հաւատքի արտայայտութեան իրաւունքը եւ առանց նախապաշարումներու ընդունուի քրիստոնէութեան տուած սատարը զոր կը շարունակուի մեր ժամանակաշրջանի ընկերութեան ու մշակոյթին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.