2013-05-28 13:13:40

Նիճերիոյ Կաթողիկէ Եկեղեցին Դրականօրէն Կ'արտայայտուի Երկրի Հիւիս-Արեւելք 3 Մարզերու ''Արտակարգ վիճակ''ի հաստատման։


Նիճերիոյ կաթողիկէ եկեղեցին իր նեցուկը յայտնած է ի լուր արտակարգ վիճակի հռչակման երկրի 3 մարզերու մէջ` վերջ դնելու մահմետական ծայրայեղներու բռնութիւններուն։
Եպիսկոպոսները այս առթիւ յղած իրենց պատգամին մէջ կը գրեն որ հանրապետութեան նախագահին պարտականութիւնն է ի գործ դնել բոլոր այն միջոցները լուծելու երկրին մէջ տիրող լարուածութիւնը, ընդգծելով որ բանակին ներկայութիւնը ինքնին բաւարար չէ, հարկաւոր է որ քաղաքական բոլոր հոսանքները ստանձնեն իրենց պատասխանատութիւնը կայունիւթիւնը հաստատելու եւ լուծելու երկրին միշտատեւ տագնապները։








All the contents on this site are copyrighted ©.