2013-05-28 11:42:26

Հնդկաստանի Մէջ Մարեմեան Սրբավայրու Ուխտագնացութիւնները Կը Յաղթահարեն Կրօնական Արգելքները` Ուխտաւորներու 80 Տոկոսը Ոչ Կաթողիկէ են։


Հնդկաստանի մէջ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի բարեպաշտութիւնը կը գերազանցէ կրօնական արգելքները։ Աստուածամօր նուիրուած ուխտավայրերը յաճախողներու 80 տոկոսը ոչ քրիստոնեայ են։ Արդարեւ բազմաթիւ մահմետականեր կը մասնակցին մարեմեան ուխտագնացութիւններուն։
Յիսուսեան միաբան հայր ֆերնանտես` ս. Գիրքի դասախօս, այդ երեւոյթին մասին խօսելով դիտել տուաւ որ Հնդկաստանի մէջ թէեւ կինը արհամարուած է սակայն իգական բոլոր աստուածութիւնները մեծապէս գնահատուած են եւ շատերը Յիսուսի Մայրը կը համարեն որպէս աստուածային դէմք մը կարող ընդառաջելու իրենց ակնկալութիւններուն եւ աղօթքներուն։ Զարմանալու չէ որ մահմետական կիները բարեխօսութիւնը հայցեն Ս. Կոյս Մարիամին, քանի Մարեամ միակ կինն է որու մասին անդրադարացած է գուրանը, եւ կը հաստատէ ս. Կոյս Մարիամին Անարատ Յղութիւնը ու անոր յաւիտենական կուսութիւնը։
Հայր ֆերնանտես կրօններու ներդաշնակութեան մասին խօսելով կը մէջբերէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի մէկ խօսքը. ''Աստուած բոլորէն ի վեր է, կարելի չէ սահամանափակել զԱյն մեր եկեղեցիներու, մզկիթներու ու տաճարներու մէջ''։ Ամէն կրօնի հաւատացեալներու մասնակցութիւնը` աղօթքի կրօնական ներդաշնակութեան սքանչելի օրինակ է։








All the contents on this site are copyrighted ©.