2013-05-28 13:13:48

''Բարակուայական Շաբաթ''


Մայիս 27-էն 31 Սուրբ Աթոռի մօտ Բարակուայի Դեսպանատունը Հռոմի մէջ կազմակերպած է ''Դրախտը Բարակուայի մէջ, Բարակուայի Յիսուսեան միաբանութեան առաքելութիւնը, Աստուծոյ քաղաքը երկրային քաղաքին մէջ։ Երկիրը առանց չարին։'' վերտառութեամբ ''Բարակուայական Շաբաթ''։
Վերոյիշեալ ձեռնարկը կազմակերպուած է Լատինական Ամերիկայի Քահանայապետական յանձնախումբի, Րիմինիի Միդինկի, եւ Սպանիոյ Արքայական Ակատէմիայի համագործակցութեամբ Հաւատքի տարուայ, Բարակուայի Հանրապետութեան ստեղծումի 200րդ տարեդարձի եւ սանդա Գրուզի Սուրբ Րոգի Կոնզալէսի Սրբադասման 25 րդ տարեդարձի առթիէներով ինչպէս նաեւ Երանելի Յովհաննէս Պօղոսի Բ.ի Բարակուայի այցելութլան տարեդարձին առթիւ։
''Բարակուայական Շաբաթ'' ի բացումը կատարեց, 27 Մայիսի յետմիջօրէին ժամը 06.30, Լատին Ամերիկայի քահանայապետական յանձնախումբի նախագահ եւ Եպիսկոպոսներու Ժողողվին կառաւարիչ Կարտինալ Մարք Ուէլլէն։ ''Բարակուայական Շաբաթ'' ի ընթացքին նախատեսուած են, ի մէջ այլոց, երկու դասախօսութիւններ, առաջինը ''Յիսուսեաններու Առաքեալութեան մասին Բարակուայի մէջ'' զոր կը ներկայացնէ Հայր Ալտօ Դրէնդօն Սան Գարլօ Պօրրօմէօ եղբայրութեան անդամ իսկ երկրորդը Յիսուսեան միաբան ''Սուրբ Րօգ Կոզալէսի դիմագիծի մասին'' զոր կը ներկայացնէ Հայր ֆիտէլ Կօնզալէզ Գրիգորեան համալսարանի ''Եկեղեցւոյ Պատմութեան'' դասատու։ Յայտնենք որ ''Սուրբ Րօգ Կոզալէս եղած է Կուարանի հնդիկները աւետարանացողը որուն Սրբադասումը տեղի ունցած է 1988 թուականին Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին օրով։











All the contents on this site are copyrighted ©.