2013-05-27 10:20:38

Մեր Ժողովուրդին Հաւատքը, Կամքը Եւ Տեսիլքը Խտացնող Ոգի Մըն Է Մայիս 28-ը, Որ Կ՛անդրանցնի Ժամանակն Ու Միջոցը. Արամ Ա. Կաթողիկոս:


Կիրակի, 26 Մայիս 2013-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Ս. եւ անմահ պատարագով, հոգեհանգստեան պաշտօնական արարողութեամբ եւ ապա վեհարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեամբ արժանաւորապէս նշուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման տօնը` Սարդարապատի հերոսամարտով անմահացած քաջամարտիկներու զոհողութեամբ շահուած:
Մայիսքսանութեան փառաւոր յաղթանակի այս տօնը անուանակոչութեան օրն է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Այս մասին կը հաղորդեն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ պատարագեց ու քարոզեց Յովհաննէս աբղյ. Սաղտըճեան, որ անդրադարձաւ 28 Մայիս 1918-ին հայ ժողովուրդի մղած գոյապայքարի անհրաժեշտութեան:
Ս. պատարագի աւարտին, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի, Բաշ Ապարանի եւ նոյն թուականին այլ ճակատամարտներու ընթացքին զոհուած քաջամարտիկներու հոգիներուն համար:
Եկեղեցական արարողութենէն վերջ, հոգեւորականներու թափօրով, գլխաւորութեամբ վեհափառ հայրապետին, ներկայ ժողովուրդը բարձրացաւ վեհարան, ուր դահլիճին մէջ գեղարուեստական յայտագիր ներկայացուեցաւ, Վարանդ վրդ. Քորթմոսեան ուղերձ կարդաց: Հայր սուրբը իր ուղերձին մէջ խօսելով մայիս 28-ի մասին ըսաւ. «95 տարիներ անցած են այն պանծալի թուականէն` Մայիս 28-էն, երբ կերտուեցաւ մեր հայրենիքի առաջին անկախութիւնը` երկար տարիներու ստրկականութենէ ետք: Այս անկախութեամբ, իբրեւ հայ ժողովուրդ եկանք կրկին անգամ փաստելու համայն աշխարհին, թէ հայը կեանքին կառչած ժողովուրդ է եւ գիտէ՛ վերապրիլ, վերակենդանանալ»: Իսկ Արամ Ա. վեհափառին ուղղելով իր խօսքը հայր Վարանդ ըսաւ. «45 տարիներ առաջ Դուք ուխտեցիք հաւատարմութեամբ ծառայել Աստուծոյ, հայ եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին: Անցնող 45 տարիներուն ընթացքին եւ անշահախնդիր ու ամբողջական նուիրուածութեամբ ծառայեցիք այս Ս. աթոռին ընդմէջէն հայ եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին: 45 տարիներ, որոնք ոսկեայ շղթայի 45 օղակներուն նման են` փայլքով ու պայծառութեամբ լեցուն մեր ազգի ու եկեղեցւոյ գանձանակին մէջ դրուած անկորնչելի արժէքներով: 45 տարիներ, որոնց մանաւանդ վերջին 18 տարիներուն ընթացքին` իբրեւ հայրապետ ու հովուապետ հայրաբար հոգացիք մեր եկեղեցւոյ ու ազգին, մեր կրթական ու մշակութային օճախներուն տեսակաւոր կարիքները, ու կը շարունակէք նոյն առաքելութեամբ, քաջ ու անձնդիր հովիւի նոյն նուիրումով»:
Հանդիսութեան աւարտին ներկաներուն իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Վեհափառ հայրապետը նախ եւ առաջ իր գնահատանքը յայտնեց եղած արտայայտութիւններուն եւ մայիսեան փառքը կերտած բոլոր հերոսներուն յիշատակը անմահացած տեսաւ անոնց յիշատակը յարգողներուն անձին մէջ: Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ «Մայիս 28-ը սովորական դէպք մը չէ եւ ոչ ալ պատմութեան մէջ ձեռք ձգուած յաղթանակի մը նշումը: Մայիս 28-ը ոգի մըն է, որ իր մէջ կը խտացնէ մեր ժողովուրդին հաւաքական հաւատքը, վճռակամութիւնը եւ յանձնառութիւնը` ի խնդիր հայրենիքի անկախութեան ու մեր ժողովուրդի գերագոյն արժէքներու կենսագործման: Մայիս 28-ը ոգի մըն է, որ դարձաւ ներկայութիւն մեր պատմութեան ընթացքին, մեր կեանքի տխուր եւ ուրախ պահերուն, մեր հաւաքական պոռթկումներուն եւ կեցուածքներուն մէջ: Այդ ոգին էր, որ մեր ժողովուրդին տուաւ հաւատքն ու կամքը` մնալու կանգուն պատմութեան ամեհի ալիքներուն դիմաց: Այդ ոգին էր, որ մեր ժողովուրդի զաւակները մղեց իմացեալ մահով հայրենիքը պաշտպանելու, մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն տէր կանգնելու, հաւաքական յանձնառութեան: Այսօր երբ Մայիս 28-ը կը նշենք, անցեալին պէտք չէ նայինք, այլ նաեւ ներկային ու մանաւանդ ապագային: Մայիս 28-ի ոգին է, որ մեր ժողովուրդին միշտ պիտի ներշնչէ հայ ժողովուրդի գերագոյն իտէալներուն համար ապրելու, պայքարելու եւ ի պահանջեալ հարկին նահատակուելու հաւատքն ու վճռակամութիւնը»:
Այնուհետեւ դպրեվանքի երգչախումբը ազգային հայրենասիրական երգեր կատարեց, ինչպէս նաեւ հնչեցուց սարդարապատեան գոյապայքարին յաղթանակը պանծացնող «Երբ չի մնում ելք ու ճար» երգը, որուն մասնակից դարձաւ նաեւ ներկայ ժողովուրդը:
Մայիսեան հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին պահպանիչ աղօթքով, որմէ ետք ներկաները աջահամբոյրով իրենց շնորհաւորութիւնները փոխանցեցին վեհափառ հայրապետին:








All the contents on this site are copyrighted ©.