2013-05-27 09:37:50

Մայիս Ամսուայ Վարդարանի Մարեմեան Աղօթքի Եզրափակիչ Արարողութիւնը Այս Տարի Տեղի Կ'ունենայ ս. Պետրոսի Հրապարակի Վրայ։


Հաւատացեալներու բազմութեան պատճառաւ ս. Պետրոս պազիլիքայի աւագերէցը` կարտինալ Գոմասդրին որոշած է այս տարի մայիս ամսուայ եզրափակիչ ''վարդարանի ջեռմերանդական աղօթքը'' կատարել ս. Պետրոսի հրապարակի վրայ, փոխանակ Լուրտի քարայրին առջեւ կատարուող աւանդական աղօթքին` մարեմեան ամսոյն աւարտին։ Ուստի այս տարի հաւատացեալները առիթ պիտի չ՛ունենան հետիոտն ուղղուելու դէպի Լուրտի Տիրամօր քարայրը այլ պիտի համախմբուին ս. Պետրոսի հրապարակի վրայ` Սրբազան Հօր հետ միասին աղօթելու եւ մասնակցելու մարեմեան աղօթքի հսկումին զոր սկիզբ կ՛առնէ երեկոյեան ժամը 8-ին։







All the contents on this site are copyrighted ©.