Կիրակի 26 Մայիս 2013-ին, Աստուածածնայ ամսուայ վերջին կիրակին՝ Զմմառու վանքէն ներս
տեղի ունեցաւ աւանդական Ուխտի Օրը, կազմակերպութեամբ՝ Վանքիս Վարչութեան եւ Հայ Կաթողիկէ
ժողովրդապետութիւններուն, և մասնակցութեամբ՝ Ս. Մեսրոպ և Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Սկաուտախումբերուն,
և ՀԿՄ Զալգա և Էշրէֆիէ Պատանեկան միութիւններուն: Առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Զմմառու մուտքէն
դէպի վանքին գլխաւոր հրապարակը կատարուեցաւ հանդիսաւոր թափօր, որուն յաջորդեց Հայրապետական
Ս. Պատարագ, զոր մատոյց և որուն ընթացքին քարոզեց Ամենապատիւ և Գերերջանիկ Տէր Ներսէս
Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց: Ս. Պատարագին ներկայ
էին Արհի. Մանուէլ Եպս. Պաթագեանը, վանքիս վարչական հայրերը և հայ կաթողիկէ եկեղեցիներու
ժողովրդապետները, մասնակցութեամբ իրենց զանազան կազմակերպութիւններուն և համայնքիս կարգ
մը անձնաւորութիւններու: Յետմիջօրէին՝ ժամը 3:00-ին՝ նոյն վայրին մէջ կատարուեցաւ
վարդարանի աղօթք բոլոր ուխտաւորներու մասնակցութեամբ: Այս սուրբ տօնին առթիւ՝ Զմմառու
Պատրիարքական Միաբանութիւնը կը մաղթէ բոլոր ուխտաւորներուն իրենց ուխտերուն իրականացում,
Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր բարեխօսութեամբ: Նշենք նաեւ թէ Ուխտի Օրուան առիթով, վանքի
կազդուրման զբօսայգին բացաւ իր դռները բոլոր այցելուներուն առջեւ, և պիտի շարունակէ բաց
մնալ ամառուայ ընթացքին, ամէն օր երեկոյեան ժամը 5:00-էն 10:00-ը: Հոն զետեղուած է կրպակ
մը զօվացուցիչ խմիչքներու եւ զանազան ուտելիքներու: