2013-05-27 12:50:26

''Աղօթենք Որպէսզի Մաֆիայի Մարդիկը Դարձի Գան Ու Ապաշխարեն'' Ըսաւ Նորին Սրբութիւնը Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքի Ընթացքին։


Կիրակի 25 մայիսի առաւօտեան ժամը 9,30-ին ֆրանչիսկոս Պապը Հռոմի Եղիսաբէթ եւ Զաքարեայ Սուրբերու անուան ժողովրդապետութիւնը այցելեց ու նախագահեց Սուրբ Պատարագին որուն ընթացքին 16 երախաներու մատակարարեց առաջին հաղորդութեան սուրբ խորհուրդը։
Սուրբ Զոհի աւարտին Նորին Սրբութիւնը հրաժեշտ առնելով ներկաներէն ինքնաթիռով վերադարցաւ Վատիկան ուր կէսօրին իր գրասենաեկի պատշգամէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը` բազմահազար ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Այս առթիւ արտսանած իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը վերյիշելով Մաֆիայէն սպաննուած Հայր Բինօ Բուլիզիի երանացման արարողութիւնը, որ տեղի ունեցած էր շաբաթ 25 մայիսին Բարէրմօյի մէջ, խստիւ դատապարտեց մաֆիայի անդմաները` ''այր թէ կին չարագործ պատասխանատուները մարդոց տառապանքին''։
Ս. Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն եւ ուխտաւորներուն ուղղած խօսքին մէջ, Նորին Սրբութիւնը ոգեկոչեց սիկիլիացի քահանայ Բուլիզիի անշահախնդիր նուիրումն ու հովութիւնը ի սպաս նոր սերունդին, զգուշացնելու եւ հեռու պահելու զանոնք չարագործ կազմակերպութիւններէն։ ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ. ''կը մտաբերեմ վիշտը բոլոր այն այրերուն, կիներուն ու երախաներուն որոնք շահագործուած են չարագործներէն ...։ Մեր աղօթքը բարձրացնենք Տիրոջ որպէսզի մաֆիայի չարագործները դարձի գան ու ապաշխարեն։ ''
Սրբազան Հայրը խօսքը կեդրոնացուց նաեւ օրուան խորհուրդին`Ամենասուրբ Երրորդութեան տօնին զոր Լատին եկեղեցին կը յիշատակէ այսօր։ Ս. Երրորդութիւնը մարդկային տրամաբանութեան արտադրութիւնը չէ, այլ դէմքը Աստուծոյ` որով ինքզինք յայտնեց մարդկութեան։ Աստուած անորոշ բան մը չէ։ Աստուած սէր է։ Զգացական սէր մը չէ այլ սէրը Հօր մը` աղբիւր ամէն կեանքի, Որդիի սէրը որ խաչի վրայ կը մեռնի եւ ապա Յարութիւն կ'առնէ, Հոգիի սէրը որ կը բարենորոգէ մարդը եւ աշխարհը։
ֆրանչիսկոս Պապը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները յատուկ ողջույնի խօսք մը ուղղելով հռոմաբնակ չինացի հաւատացեալներուն, Չինաստանի աղօթքի համաշխարհային օրուան առթիւ, որ ամէն տարի կը յիշատակուի 24 մայիսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.