2013-05-26 09:47:10

Կարտինալ Սանտրիին Աղօթքը Սուրիոյ Մէջ Արեւանգուած Երկու Եպիսկոպոսներու ի Նպաստ։


Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին, որ 24 - 28 մայիս մեկնած է Լիբանան, կիրակի 26 մայիսի առաւօտեան Պէքայի շրջանի Զահլէի ''խաղաղութեան Տիրամօր'' Սրբավայրին մէջ մատոյց հանդիսաւոր սուրբ պատարագ որուն մասնակցեցան Մելքիդ, Մարոնիդ եւ Յոյն Օրթոտոքս հաւատացեալներ։
Այս առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը մեկնաբանելով սուրբ գրային ընթերցումները եւ խօսելով օրուան Սուրբ Երրորդութեան տօնի մասին հրաւիրեց հաւատացեալները վստահելու միշտ Աստուծոյ առօրեայ աղօթքի միջոցաւ։ Ան ապա անդրադարձաւ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետի ''Եկեղեցին Միջին Արեւելքի'' մէջ շրջաբերական թուղթին։ Քարոզին աւարտին Կարտինալ Սանտրին յատուկէն աղօթեց Սուրիոյ մէջ արեւանգուած երկու եպիսկոպոսներու ազտատագրումի դիտաւորութեան հայցելով Աստուածամօր բարեխօսութիւնը որպէսզի մխիթարէ ու քաջալերէ զանոնք դիմագրաւելու համար բոլոր դժուարութիւնները։

Սուրբ Զոհէն առաջ Կարտինալ Սանտրին հանդիպում ունեցած էր Լիբանանի Գարիթասի կամաւորներուն հետ որոնք Սուրիացի գաղթականներով կը զբաղին։ Մինչ արարողութեան աւարտին Ծիրանաւորը հանդիպում ունեցաւ Սուրիացի գաղթականներու ներկայացուցիչներուն հետ այցելելով Գարիթասի գաղթականներու յատկացուած մէկ կեդրոնը։

Յայտնենք որ շաբաթ 25 մայիս 2013-ին առաւօտեան ժամը 10-ին, Կարտինալ Սանտրին այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանը հանդիպում ունենալով Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.