2013-05-25 12:16:33

Մարոնիներու Պատրիարքը Տեղեկագիր Մը Կը Յանձնէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներու Իրավիճակիմասին։


Կարտինալ Ռայի կը խօսի մահմետական ծայրայեղութեան վտանգին մասին։

Մարոնիներու պատրիարքը` կարտինալ Ռայի անցեալ 22 մայիսին ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ներկայացուց մանրամասն տեղեկագիր մը Միջին Արեւելքի իրավիճակին մասին եւ յատուկօրէն ներակայացնելով քրիստոնեայ համայնքներու իրողութիւնը։ Սրբազան Քահանայապետը, ըսաւ մարոնիներու պատրիարքը, մտահոգ է այդ աշխարհամասի վիճակով։ Պատասխանելով մամուլին հարցումներուն մարոնիներու պատրիարքը յայտնեց որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետէն խնդրած է միջամտել Սուրիոյ խաղաղութեան ի նպաստ։ Պատրիարքը յայտնեց որ մեծ վտանգի մը առջեւ պիտի գտնուինք եթէ Արեւմուտքը շարունակէ զէնք ընծայել սուրիացի ընդդիմադիրներուն, որոնց մեծամասնութիւնը ծայրայեղ մահմետականներ են։ Արեւմուտքը կրակի հետ կը խաղայ եւ այրելու վտանգի մէջ կը գտնուինք մատնանշեց Ռայի Պատրիարքը ու ապա անդրադառնալով սուրիացի գաղթականներու մասին հաստատեց որ Լիբանանը պիտի չփակէ իր դռները հակառակ որ Լիբանանի մէջ կան 1,5 միլիոն պաղեստինցիներ եւ 1,2 միլիոն սուրիացիներ։ Մարդսիրական հարցի մը առջեւ կը գտնուիք - ըսաւ Ան - մենք նախապէս տառապեցանք եւ լաւ գիտենք տառապանքին իմաստը։








All the contents on this site are copyrighted ©.